Արտասահմանեան տուրիզմի վարչութիւն՝ անուան տակ կազմուած է նոր մարմին մը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ զարկ տալ Հայաստանի զբօսաշրջիկութեան, որ մեծ հեռանկարներ ունի։

Նոր մարմնին պետը՝ Իլիա Գէորգով դիտել տալէ ետք, թէ անցեալ տարի Հայաստան այցելողներու թիւը հասած է մօտ հինգ հազարի, ճշդած է նոր մարմնին կարգ մը գործերը։ Նախ եւ առաջ պիտի հաստատուին 10 նոր երթուղիներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան զբօսաշրջիկներուն ծանօթանալու երկրի մշակոյթին, տնտեսութեան եւ անշուշտ՝ բնութեան։ Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի հայ զբօսաշրջիկներուն։ Ասոնք իրաւունք պիտի ունենան այցելելու իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն։ Երեւանի մէջ զարկ պիտի տրուի պանդոկներու շինութեան։ Այսպէս, շուտով պիտի շինուին 12-14 յարկանի երեք նոր, շքեղ պանդոկներ։ Ասոնցմէ ամէն մէկը պիտի կարենայ ընդունիլ 500 զբօսաշրջիկ։ Միւս կողմէ, արդէն իսկ կþընդլայնուի «Արմենիա» հիւրանոցը։ Պանդոկ մըն ալ պիտի շինուի Սեւանի ափին։ Այս տարի զբօսաշրջիկներու խումբեր պիտի ժամանեն Ճափոնէն, Յունաստանէն, Աւստրալիայէն, Ֆինլանտայէն, Պելճիքայէն եւ այլ երկիրներէ։

 

Երեւանի Անասնապահութեան եւ Անասնաբուծութեան Հիմնարկութիւնը 1955-էն ի վեր լծուած էր մեղուի նոր տեսակ մը մէջտեղ բերելու աշխատանքին։ Հայ անասնապահներուն գործը պսակուած է յաջողութեամբ։ Գեղամայ լեռներու ծաղկափթիթ լանջերուն վրայ ներկայիս կը վխտայ հասարակ մեղուներէն աւելի լայն կուրծք, որովայն եւ երկար խայթոցներ ունեցող մեղուներու նոր ընտանիք մը։ Այս նոր մեղուները, որ աշնան կը բերուին Արարատեան դաշտ, իսկ ձմրան կը պահուին յատուկ ձմեռնանոցներու մէջ, սովորական մեղուներուն համեմատութեամբ, ամէն տարի միջին հաշուով կուտան 25-30 տոկոսով աւելի մեղր ու 80-100 տոկոսով ալ՝ բարձր որակի մոմ։ Այս մեղուներուն տարածումը Հայաստանի մէջ պիտի նպաստէ նաեւ պտղածառերու, խոտաբոյսերու բերքատուութեան յաւելումին։