Յուլիս 1ի այս օրը, 101 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը հայոց արեամբ ներկուեցաւ։ Քաղաքը վերագրաւած թրքական զօրքերը կոտորեցին անզէն հայութիւնը եւ հրոյ ճարակ դարձուցին հայոց տուներն ու խանութները։

Մարմարա ծովու արեւմտեան ափին գտնուող նաւահանգիստ քաղաք է Ռոտոսթոն, որ այսօր մաս կը կազմէ եւրոպական Թուրքիոյ եւ 1923էն ի վեր կը կոչուի Տեքիր Տաղ։
Բայց 101 տարի առաջ միայն սակաւաթիւ թուրքեր կ'ապրէին Ռոտոսթոյի մէջ, որ առաւելաբար յունական եւ հայկական քաղաք էր։
Ռոտոսթօ յայտնագործուած էր հին ժամանակ՝ յոյն վաճառականներու եւ նաւաստիներու կողմէ, որոնք դարերու ընթացքին նախ յունական, ապա բիւզանդական քաղաքակրթութեան կարեւոր կեդրոնի վերածեցին զայն։
Նոյնքան հին ժամանակներէ կու գայ հայերու ներկայութիւնը Ռոտոսթոյի մէջ, որ ինչպէս հայոց առեւտուրի, այնպէս եւ հայկական մշակոյթի, ձեռարուեստի եւ գրականութեան ծանօթ կեդրոն եղած է։
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Ռոտոսթոյի եւ անոր մերձակայ՝ նոյնպէս հայաբնակ Մալկարա գիւղաքաղաքին հայ բնակիչները, 1913ի Յուլիս 1էն սկսեալ, կոտորածի եւ աւերումի ու թալանի ենթարկուեցան թրքական զօրքերուն կողմէ։
30 Յունիս 1913ին սկսաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը։
Հազիւ ամիս մը առաջ, 30 Մայիս 1913ին, վերջ գտած էր Պալքանեան առաջին պատերազմը, որ բռնկած էր 9 Հոկտեմբեր 1912ին՝ մէկ կողմէ պալքանեան չորս երկիրներու (Պուլկարիա, Յունաստան, Սերպիա, Չեռնոգորիա) դաշնադրութեան եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ միջեւ։
Պալքանեան առաջին պատերազմին Թուրքիա կրեց ծանրագոյն պարտութիւն եւ պարտաւորուեցաւ 30 Մայիս 1913ին ստորագրել Լոնտոնի հաշտութեան դաշնագիրը, որուն հիման վրայ կորսնցուց պալքանեան թերակղզիի իր տիրապետութեան ենթակայ բոլոր հողերը։ Պոլիսէն եւ արեւելեան Թրակիոյ փոքր մէկ բաժնէն զատ ոչինչ մնաց եւրոպական Թուրքիայէն։
Հայութիւնը եւս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Պալքանեան առաջին պատերազմին։ Անդրանիկի եւ Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ՝ Դաշնակցութեան կամաւորական գունդերը յանդուգն գործողութիւններ իրագործեցին թրքական զօրքերուն դէմ՝ հերոսի դափնեպսակին ու զինուորական կոչումներու արժանանալով պուլկար սպայակոյտին կողմէ։
Իսկ Պուլկարիան եղաւ գլխաւոր յաղթականը Պալքանեան առաջին պատերազմին՝ խլելով առիւծը բաժինը օսմանեան բռնատիրութենէն ազատագրուած հողերուն։
Բայց ոչ միայն Պուլկարիոյ պալքանեան դաշնակիցները՝ Յունաստանն ու Սերպիան դժգոհ մնացին, որ ազատագրուած հողերէն իրենց սպասած բաժնին չկրցան տիրանալ, այլեւ՝ եւրոպական մեծ տէրութիւնները մտահոգուեցան, որ Ռուսաստանը միակողմանիօրէն շատ ընդարձակած էր իր ազդեցութեան գօտիները Պալքաններու մէջ։
Հետեւանքը եղաւ հրահրումը, 1913ի Յունիս 30ին, Պալքանեան երկրորդ պատերազմին՝ այս անգամ մէկ կողմէ Պուլկարիոյ եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ, Յունաստանի, Սերպիոյ, Չեռնոգորիայի եւ Ռումանիոյ միացեալ ճակատին միջեւ։
Թէեւ կարճ տեւեց եւ 10 Օգոստոս 1913ին աւարտեցաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը, բայց «ցեղային մաքրագործում»ի առումով անհամեմատաբար ահաւոր եւ ծանրակշիռ եղաւ։
Յատկապէս Ռոտոսթոյի եւ Մալկարայի հայերը, որոնք ուղղակի մասնակցութիւն չէին ունեցած Պալքանեան առաջին պատերազմին, թիրախ դարձան թրքական վրէժխնդրութեան եւ ցեղասպանական մոլուցքին։
Անշուշտ շատ աւելի ծանր կորուստ ունեցան պուլկարները՝ թէ՛ զոհերու թիւի, թէ՛ քանդում-աւերումներու եւ թէ հողատարածքներու կորուստի իմաստով, բայց ի վերջոյ Պուլկարիան պատերազմող կողմ էր եւ իր կարգին, Պալքանեան առաջին պատերազմի ընթացքին, իր ազատագրած հողամասերուն վրայ կա՛մ կոտորած էր թուրք բնակչութիւնը, կա՛մ հարիւր-հազարով տեղահան ըրած էր թուրքերը։
Պալքանեան երկրորդ պատերազմը վերջ գտաւ Պուլկարիոյ պարտութեամբ եւ թրքական լուծէն ազատագրուած հողերու վերաբաշխումովը պալքանեան յաղթական երկիրներուն միջեւ։
Եւրոպական մեծ տէրութեանց միացեալ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ քննիչ յանձնախումբ մը, որ երկուստեք գործուած ոճիրները ցուցակագրեց եւ կարեւորութեամբ կանգ առաւ այն փաստին վրայ, որ թրքական կանոնաւոր զօրքերու ձեռամբ սպաննուեցան աւելի քան հազար հայեր, շուրջ 300 հայոց բնակարաններ ու 500է աւելի հայոց խանութներ կողոպտըւեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան։
Ահա ա՛յս առումով հայոց յուշատետրին սեւ էջը կը կազմէ 1 Յուլիս 1913ը։
Ճիշդ է. Պալքանեան պատերազմները նաեւ իրենց բարեբեր անդրադարձը ունեցան քաղաքական ճակատի վրայ, Հայկական Հարցի վերարծարծման իմաստով։
Թրքական զօրքերու գործած հակահայ խժդժութիւնները յաւելեալ պատճառ եղան, որ եւրոպական դիւանագիտութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած Հայկական Բարենորոգումներու նոր՝ Մայիսեան ծրագիրը արագօրէն ի գործ դրուի։
Բայց ինչպէս Ռոտոսթոյի հայութեան դէմ իր ձեռնարկած սպանդով, այնպէս ալ Հայկական Բարենորոգումներու Մայիսեան ծրագրի եւրոպական պարտադրումին դէմ, թրքական պետութիւնը մութին մէջ նոր թափով սկսաւ որոճալ… եղանակները Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու հրէշային իր ծրագրին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան։
Այդ առումով 1 Յուլիս 1913ի Ռոտոսթոյի հայոց սպանդը նախերգանքը եղաւ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին։

Ն.