Յուլիս 7ին, 91 տարի առաջ, ողջ աշխարհէն երկաթեայ վարագոյրով մեկուսացուած խորհրդային ամբողջատիրութեան հարաւային սահմանեզրին, Անդրկովկասի մէջ, հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ ազգային իրաւազրկումի ահաւոր գայթակղութիւն մը։
Կրեմլի ղեկավարութեան արդէն միահեծան տէրը դարձած Ստալինի «ցուցմունք»ով եւ Անդրկովկասի ռուս, ազերի, վրացի ու հայ պոլշեւիկներու մեղսակցութեամբ՝ որոշում առնուեցաւ հայոց հինաւուրց Արցախ աշխարհը բաժան-բաժան կոտորակելու, հազարամեակներով հայապատկան ամբողջ հողամասեր ուղղակիօրէն նորելուկ Խորհրդային Ատրպէյճանի կցելու, իսկ Արցախի լեռնային կեդրոնական մասը հռչակելու Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ, զայն ենթարկելով ատրպէյճանական տիրակալութեան։
Աւելի՛ն. բռնակալներու ձեռամբ կամայական սահմանագծումի նախադէպ մը կեանքի կոչելով՝ 7 Յուլիս 1923ի չարաբաստիկ այդ որոշումով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը բառացիօրէն պոկուեցաւ եւ հեռացուեցաւ մայր հայրենիքի մարմնէն, այսպէս կոչուած «Լաչինի եւ Քելբաջարի անցք»ով իրարմէ խզելով Հայաստանն ու Արցախը։
Եւ այսօր, Լ.Ղ.Ի.Մ.ի արուեստական ստեղծումէն 91 տարի ետք, երբ յետադարձ հայեացքով լուսարձակի տակ կ'առնենք ե՛ւ պատմութիւնը, ե՛ւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող քաղաքական ողբերգութեան ծալքերը, ուսանելի դասերու ամբողջ թղթածրար մը կը բացուի մեր առջեւ.
- Յաւերժական չեն կրնար ըլլալ ազգ մը եւ հայրենիք մը կամայականօրէն բաժնող անարդար սահմանագծումները, որքան ալ անոնք պարտադրուած ըլլան հզօր կայսերապետութեան մը կողմէ եւ ամբողջական բռնութեամբ։
- Քաղաքական աննպաստ պայմաններու եւ դասաւորումներու հետեւանքով իրարմէ բաժնուած ազգի մը զաւակները, եթէ իրենց մէջ ունին իրաւունքի ու արդարութեան համար պաքարելու եւ Ազգին ու Հայրենիքին տէր կանգնելու վճռականութիւնը, անպայման կը հասնին իրենց նպատակին՝ որքան ալ բիրտ ուժով ճզմուին անոնց շղթայազերծած յաջորդական ըմբոստացումները։
- Փոքր ազգերու իրաւունքներն ու դատերը միշտ ալ ենթակայ են աշխարհի ճակատագիրը վարող մեծապետական ուժերու մրցապայքարի օրէնքներուն։ Ի վերջոյ մեծապետական ուժերու նախընտրած ուղղութեամբ կը հունաւորուի մարդկութեան զարգացումը՝ այն միակ նրբերանգային տարբերութեամբ, որ փոքր ազգերու անվեհեր իրաւատիրութիւնն ու մարտունակ պահանջատիրութիւնը անպայման կþարդիւնաւորուին եւ Մեծերու ձեռքին կþօգտագործուին իբրեւ կարեւոր յաղթաթուղթի, աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներ եւ հաւասարակշռութիւններ հաստատելու ժամանակ։
- Իրաւունքի եւ արդարութեան համար պայքարող փոքր ազգերը, նոյնիսկ եթէ ազգային դատերուն արդարագոյնին համար է իրենց մղած կռիւը, դատապարտըւած են անփառունակ պարտութեան եւ ոտնակոխումի, եթէ զինուած չեն միասնական իրենց պայքարը ամէն կարգի պառակտումներու դէմ պաշտպանելու հաստատակամութեամբ եւ գաղափարական պայծառատեսութեամբ։
Առանց այդ դասերու լիարժէք ընկալումին, կարելի չէ սպառիչ բացատրութիւնը գտնել ահաւոր այն սադրանքին, որ 7 Յուլիս 1923ին ի գործ դրուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ։
Անհրաժեշտ է ի մտի ունենալ, նաեւ, Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ստեղծումը անմիջականօրէն կանխած Անդրկովկասի եւ այդ ճամբով Հայաստանի խորհրդայնացման մեծապետական, տարածաշրջանային եւ տեղական զարգացումներու ծալքերը։ Նոյնպէս, պէտք չէ մտահան ընել, որ հայրենի մեր տարածաշրջանին վրայ թրքացեղ ասպատակողներու կատարած արշաւանքներն ու բռնագրաւումները, ինչպէս եւ պարսկական խանութեանց ժամանակներէն սկսած այլացեղ ազգաբնակչութեանց տեղաւորուիլը պատճառ դարձան հայրենի մեր հողերուն ժողովրդագրական հիմնական փոփոխութեանց։
Պատմական զարգացման այդ ենթահողին վրայ իրենց պատասխանները կը ստանան հիմնական շատ հարցականներ.
- Ինչպէ՞ս եղաւ, որ պատմական Հայաստանի Արցախ գաւառը, որ արեւելքէն կը տարածուէր մինչեւ Մուղանի դաշտավայրը, դարերու ընթացքին բնակավար դարձաւ թրքացեղ նորեկներու, որոնք քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան արդէն տիրացած էին թուրք եւ թաթար համեմատական մեծամասնութեամբ ամբողջ հողամասի մը։
- Ինչո՞ւ մինչեւ 1918 թուականը գոյութիւն չէր ունեցած Ատրպէյճան անունով երկիր, պետական որեւէ միաւոր եւ նոյնիսկ քաղաքական ինքնութեամբ ազերիական ազգութիւն։ Երբ 1828 թուին Ցարական Ռուսաստանը վերջնականապէս իրեն կցեց Անդրկովկասը, հայեւթաթար խառն բնակչութեամբ հողամասի հակակշռումը իր հաշիւներուն ծառայեցնելու նպատակով, վարչականօրէն առաջացուց Եղիսաբէթպոլի նահանգը, որուն մէջ մտցուց Գանձակն ու Կիւլիստանը, Արցախն ու Զանգեզուրը։ Այդպէ՛ս սկսաւ հայեւթաթար խառն բնակչութեամբ ամբողջ երկրամասը «բաժնէ՝ որ տիրես»ի ռազմավարութեամբ հակակշռելու ռուսական քաղաքականութիւնը։
- Ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս մեծապետական մրցապայքարը սաստկացաւ Անդրկովկասի մէջ եւ շուրջ՝ Պաքուի սեւ ոսկիին տիրանալու պայթուցիկ առճակատման մթնոլորտի շիկացումով։ 19րդ դարավերջին եւ 20րդ դարասկիզբին որքան աշխուժացաւ Մեծն Բրիտանիոյ անդրկովկասեան միջամտութիւնը, այնքան խստացաւ Անդրկովկասի ազգային միաւորները իրարու դէմ դրդելու եւ բոլորին վրայ սեփական, մեծապետական իր հակակշիռը ամրապնդելու ռուսական մտասեւեռումը։
Հետեւանքը եղան հայ-թաթարական պարբերական ընդհարումները, որոնք 1918էն սկսեալ նոր փուլ թեւակոխեցին՝ արդէն պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ առաջացած Անդրկովկասի անտիրութեան պղտոր ջուրին մէջ, սեփական հաշիւներով ձուկ որսալու թրքական ախորժակներու սանձազերծումով։
- Ինչպէ՞ս կովկասահայութիւնը, 1905ի հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներու դաժան կենսափորձով հանդերձ, յատկապէս 1918ի վերիվայրումներէն ետք, չկրցաւ միասնական գնահատումի եւ մերժումի արժանացնել ռուսական քաղաքականութեան հետեւողական այդ վարքագիծը՝ հայ-թաթար հակադրութեան հրահրումով Անդրկովկասին վերատիրանալու քաղաքականութիւնը։
Նոյնիսկ մեր օրերուն եւ հակառակ Արցախի իրողական ազատագրումով ամրագրուած պատմական դասերուն, հայ քաղաքական միտքը տակաւին կը դրսեւորէ հակումներ, որոնք կը շարունակեն հաւատք ընծայել այն ինքնախաբէութեան, թէ Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը աւելի յարմար դասաւորումի կրնար արժանանալ, եթէ Մայիս 1920ին մենք եւս ընդունէինք խորհրդային լուծը՝ հետեւելով Ատրպէյճանի օրինակին։
7 Յուլիս 1923ի Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ստեղծման պոլշեւիկեան սադրանքը ամէն հիմք կու տայ, հայ քաղաքական մտքին համար, մէկանգամընդմիշտ թօթափելու այդօրինակ պատրանքներն ու ինքնախաբէութիւնները։ Բաւականաչափ խօսուն եւ դառն ու դաժան է այն փաստը, որ 2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք, Խորհրդային Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը «Եղբայրաբար» Խորհրդային Հայաստանի անբաժանելի մասը հռչակեց, «ինքնաբուխ» կերպով, ոչ միայն Արցախն ու Զանգեզուրը, այլեւ՝ Նախիջեւանն անգամ, որպէսզի պոլշեւիզմը կարենայ կոտրել հայ ժողովուրդին ընդդիմութիւնը...
Հայկական դիմադրութիւնը ընկճելու նպատակով շռայլուած այդ «խոստումներ»ը պարզապէս ծառայեցին կարմիր բանակայիններու կողմէ Հայաստանի վերջնական բռնագրաւման, որու «յաջողութենէն» ետք, նոյնինքն հայ պոլշեւիկներու մեղսակցութեամբ, ոչ միայն մոռցուեցան «եղբայրական խոստումներ»ը, այլեւ գործադրուեցաւ Արցախն ու արցախահայութիւնը Հայաստանէն պոկելու եւ, մեկուսացման պայմաններու մէջ, հայաթափելու անարգ ոճիրը։
Վերյիշելով 7 Յուլիս 1923ի Ստալինեան դաւադիր որոշումը եւ Արցախեան Ողբերգութեան սեւ թուականը՝ հայ քաղաքական միտքը անձեռնմխելի իրաւունքը ունի, այլեւ ու մանաւանդ անխուսափելի պարտաւորութիւնը ունի, ամէն գնով արթուն գործելու եւ պահպանելու Արցախեան Պահանջատիրութեան միասնական ճակատն ու պայքարը, որպէսզի մեծապետական մրցավազքի աննպաստ դասաւորման որեւէ պահու, Արցախն ու արցախահայութիւնը վերստին չենթարկուին ատրպէյճանական լուծին։
Միայն այդ ճամով կրնանք կանխարգիլել եւ թոյլ չտալ, որպէսզի պատմութիւնը կրկնէ ինքզինք։
Ն.