Յու­նո­ւար 7ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­ւի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն եւ ­Հայ ­Լե­զո­ւի մե­ծա­վաս­տակ մշակ­նե­րէն ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի։

­Կեն­սագ­րա­կան աղ­բիւր­նե­րը շատ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն փո­խան­ցեր ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան­նե­րու Աբ­բա­հօր պաշ­տօ­նին ար­ժա­նա­ցած ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի մա­սին, որ իբ­րեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի իր ա­նու­նին կա­պած է անձն­դիր ծա­ռա­յու­թեան, ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թեան եւ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քի բե­ղուն վաս­տակ մը։

Իսկ մեծ է թի­ւը այն լե­զո­ւա­գէտ­նե­րուն ու քե­րա­կա­նա­գէտ­նե­րուն, ո­րոնք միա­ձայ­նու­թեամբ կը վկա­յեն, թէ ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան «նոր դա­րագ­լուխ» բա­ցաւ հա­յոց լե­զո­ւի գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան, մշակ­ման ու հարս­տաց­ման մէջ։

1866ին Աբ­բա­հայր իր ընտ­րու­թե­նէն մին­չեւ 1902ի իր վախ­ճա­նը, ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան ան­խոնջ գի­տաշ­խա­տո­ղը դար­ձաւ հա­յե­րէ­նի ճա­նա­չո­ղու­թեան։

­Լե­զո­ւա­գէ­տի, քե­րա­կա­նա­գէ­տի ու հա­յա­գէ­տի իր վաս­տա­կով՝ ան դար­ձաւ հա­յոց աշ­խար­հա­բա­րի գի­տա­կան ու­սում­նա­սիր­ման եւ կար­գա­ւոր­ման նա­խա­կա­րա­պե­տը, ո­րուն մօ­տե­ցում­ներն ու տե­սա­բա­նա­կան եզ­րա­յան­գում­նե­րը մին­չեւ այ­սօր ու­ղե­ցոյ­ցի նշա­նա­կու­թիւն ու­նին։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ հա­յա­գի­տու­թեան եւ հա­յե­րէ­նա­գի­տու­թեան մէջ ան­վի­ճե­լի գա­գաթ մը ե­ղաւ ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան, ո­րուն ­Գործն ու Ար­ժէ­քը շա­րու­նակ պէտք է յու­շել հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ մե­ծա­վաս­տակ գի­տու­նի իր ժա­ռան­գու­թիւ­նը վա­ւե­րա­կան աղ­բիւր է ոչ միայն ազ­գա­յին մեր հպար­տու­թեան, այ­լեւ հա­յոց լե­զուն տե­ւա­բար թար­մաց­նե­լու եւ հարս­տաց­նե­լու բա­ցա­ռիկ նո­ւի­րու­մին։

Ինչ­պէս որ ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան կը վկա­յէ իր «­Դար մը գրա­կա­նու­թիւն» գոր­ծին Ա. հա­տո­րին մէջ, «­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի «Քն­նա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն աշ­խար­հա­բար կամ ար­դի հա­յե­րէն լե­զո­ւի» կո­թո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը (1866)

ան­գե­րա­զան­ցե­լի կը մնայ մին­չեւ այ­սօր, զոյգ միա­բա­նու­թիւն­նե­րու քե­րա­կա­նա­կան վաս­տա­կին մէջ։ Աշ­խար­հա­բար լե­զո­ւի ծագ­ման, զար­գա­ցու­մին եւ կա­րե­լիու­թեանց շուրջ իր լայն խո­րա­ցում­նե­րով՝ այս աշ­խա­տան­քը նաեւ մե՛ր օ­րե­րու քե­րա­կան­նե­րուն հա­մար աղ­բիւր է եւ մեկ­նա­կէտ՝ գի­տա­կան հաս­տա­տում­նե­րու, ծա­նօ­թու­թեանց լայն աշ­խար­հի մը։ ­Լե­զո­ւա­կան ա­ռողջ տե­սա­կէտ­ներ - իր հա­մո­զում­նե­րը - կը ձգտին ար­դի հա­յե­րէ­նը ճո­խաց­նել, զար­գաց­նել ու պա­տո­ւաս­տել գա­ւա­ռա­կան ա­ռու­թիւն­նե­րով, ըն­դու­նե­լով հան­դերձ կեան­քին եւ ա­րեւմ­տեան քա­ղա­քակր­թու­թեան պատ­շա­ճե­լու ստի­պո­ղու­թիւն մը։ Այ­տը­նեան նաեւ ձայնն էր ողջմ­տու­թեան՝ լե­զո­ւա­կան այն պայ­քա­րին մէջ, որ կը մղո­ւէր գրա­բա­րեան­նե­րու եւ աշ­խար­հա­բա­րեան­նե­րու մի­ջեւ.¬ Ար­ձա­կու­նակ եւ ան­պա­տաս­խա­նա­տու ձե­ւով մը աշ­խար­հա­բար լե­զու «կեր­տե­լու» ա­նիշ­խա­նու­թեան դէմ՝ ի՛նքն էր, որ լսե­լի դար­ձուց քե­րա­կա­նա­կան կար­գա­պա­հու­թեան մը են­թար­կո­ւե­լու, չծան­ծա­ղե­լու կար­գա­խօ­սը»։

­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան ծնած էր 7 ­Յու­նո­ւար 1825ին, ­Պո­լիս, ուր չորս տա­րի նա­խակր­թա­րան յա­ճա­խե­լէ ետք, 10 տա­րե­կա­նին, 1835ին, ղրկո­ւած էր ­Վիեն­նա՝ Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան ա­շա­կեր­տե­լու հա­մար։

Ու­սում­նա­տենչ պա­տա­նիին առ­ջեւ բա­ցո­ւե­ցաւ ոչ միայն հո­գե­ւո­րա­կան իր կո­չու­մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու լայն աս­պա­րէզ, այ­լեւ լե­զո­ւա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան իր ու­նա­կու­թիւն­ներն ու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րա­րե­լու եւ ընդ­լայ­նե­լու ան­պա­րա­գիծ աշ­խարհ մը։

­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի կեան­քը այդ­պէ՛ս հարս­տա­ցաւ ու հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը հարս­տա­ցուց կո­թո­ղա­կան գոր­ծե­րով։

­Նո­րօծն վար­դա­պե­տին ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րը ան­ցան Զ­միւռ­նիա­յի եւ Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ, ուր ան կո­չո­ւե­ցաւ կրթա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան՝ միա­ժա­մա­նակ իր բո­լոր ու­ժե­րով նո­ւի­րո­ւե­լով լե­զո­ւա­բա­նի գի­տա­կան աշ­խա­տան­քին։

­Հայր Այ­տը­նեան լե­զու­ներ սոր­վե­լու բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թիւն ու­նէր եւ հին թէ նոր 7 լե­զու­նե­րու՝ հա­յե­րէ­նի կող­քին ի­տա­լե­րէ­նին, ֆրան­սե­րէ­նին, անգ­լե­րէ­նին, գեր­մա­նե­րէ­նին, ա­րա­բե­րէ­նին եւ թուր­քե­րէ­նին կա­տա­րե­լա­պէս կը տի­րա­պե­տէր։

1866ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Աբ­բա­հայր ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան եւ այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ մահ, ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով մե­ծար­ժէք վաս­տակ մը կա­պեց իր ա­նու­նին։

Իբ­րեւ ման­կա­վարժ՝ ամ­բողջ սե­րունդ­ներ հաս­ցուց իր մտքի եւ հո­գիի շուն­չով ու լոյ­սով։

Իբ­րեւ հայ մտքի մշակ՝ 1887ին հի­մը դրաւ ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան­նե­րու «­Հան­դէս Ամ­սօ­րեայ» գի­տա­կան պար­բե­րա­կա­նին, որ իր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեամբ եւ հրա­պա­րակ բե­րած մտա­ւո­րա­կան ու­ժե­րով՝ ու­րոյն դպրոց մը դար­ձաւ հա­յոց հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

Իսկ յատ­կա­պէս լե­զո­ւա­գի­տա­կան, քե­րա­կա­նա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տու­թեանց բնա­գա­ւա­ռին մէջ, ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան նո­ւա­ճեց բար­ձունք մը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն ան­մահ­նե­րու շար­քին ար­ժա­նա­ւոր տեղ ա­պա­հո­վեց ի­րեն։

1866ին հրա­տա­րա­կո­ւած իր կո­թո­ղա­կան «Քն­նա­կան ­Քե­րա­կա­նու­թիւն» գոր­ծէն ետք, ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան տա­րի­նե­րով աշ­խա­տե­ցաւ Է. Վ. ­Չա­լը­խեա­նի «­Քե­րա­կա­նու­թիւն ­Հայ­կազ­նեան ­Լե­զո­ւի» մե­ծար­ժէք գոր­ծին վրայ եւ մշա­կո­ւած տես­քով զայն հրա­տա­րա­կեց 1885ին։

­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան ապ­րե­ցաւ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, երբ լե­զո­ւա­գի­տու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս կը բո­լո­րէր ո­րո­նում­նե­րու հանգ­րո­ւա­նը։ ­Մինչ այդ լե­զո­ւա­գի­տու­թեան մէջ կ­þիշ­խէր բնա­գի­տա­կան դպրո­ցը, որ լե­զու­նե­րուն կը նա­յէր իբ­րեւ բնա­կան օր­կա­նիզմ­ներ՝ լե­զու­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման ու զար­գաց­ման մէջ վճռո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն տա­լով բնա­խօ­սա­կան գոր­ծօն­նե­րուն։ Այ­տը­նեան կա­նու­խէն վի­ճար­կեց բնա­գի­տա­կան դպրո­ցի ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցու­մը եւ ընտ­րեց հա­սա­րա­կա­կան հա­յե­ցա­կար­գը՝ լե­զու­նե­րու բնաշր­ջա­կան զար­գաց­ման տե­սու­թեան փա­րե­լով եւ մայ­րե­նի լե­զու-ազ­գա­յին հա­սա­րա­կու­թիւն փո­խազ­դե­ցու­թեան տա­լով հիմ­նա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն։

Այդ մօ­տե­ցու­մով ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան լծո­ւե­ցաւ հա­յոց լե­զո­ւի զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թը գի­տա­կա­նօ­րէն բնո­րո­շե­լու, բնաշրջ­ման փու­լե­րու բաժ­նե­լու եւ դա­սա­կար­գե­լու աշ­խա­տան­քին։ ­Հին հա­յե­րէ­նի պատ­մա­կան զար­գաց­ման տար­բեր շրջան­նե­րը, մի­ջին հա­յե­րէ­նի ա­ռա­ջա­ցումն ու բիւ­րե­ղա­ցու­մը, բայց մա­նա­ւանդ աշ­խար­հա­բա­րի եր­կու ճիւ­ղե­րով՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով զար­գա­ցու­մը գի­տա­կան հա­յե­ցա­կար­գի բե­րո­ւե­ցան Այ­տը­նեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րով։

­Նոյն­պի­սի ընդգր­կու­մով ան լծո­ւե­ցաւ նաեւ հա­յոց բար­բառ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ գի­տա­կան վեր­ծան­ման՝ աշ­խար­հագ­րա­կան բա­ժա­նում­նե­րու հի­ման վրայ ա­նոնց իւ­րա­յա­տուկ բա­րեշրջ­ման հո­լո­վոյ­թը ներ­կա­յաց­նե­լով եւ հա­մա­պա­տաս­խան դա­սա­կար­գում կա­տա­րե­լով։

Ինչ­պէս որ «­Հայ­կա­կան ­Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ին մէջ ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի նո­ւի­րո­ւած իր ներ­կա­յաց­ման մէջ Ա. Աբ­րա­հա­մեան դի­տել կու տայ, մե­ծա­վաս­տակ լե­զո­ւա­գէ­տը ան­շուշտ իր ո­րո­շա­կի ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­ներն ալ ու­նե­ցաւ։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, ­Հայր Ա. Այ­տը­նեան, հա­յոց լե­զո­ւի բնաշր­ջա­կան հո­լո­վոյ­թը հա­յոց հա­սա­րա­կա­կան զար­գաց­ման կշռոյ­թին հետ կա­պե­լու իր հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գին մէջ, յան­գե­ցաւ բա­ցար­ձա­կա­պաշ­տու­թեան՝ պաշտ­պա­նե­լով այն տե­սա­կէ­տը, որ ք­.ե. հին­գե­րորդ դա­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դի ռա­միկ խա­ւերն ու իշ­խա­նա­ւոր ազ­նո­ւա­կա­նու­թիւնն ու կղե­րը ի­րար­մէ տար­բեր հա­յե­րէն­ներ կը գոր­ծա­ծէին։

­Բայց այդ չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րը ո­չինչ կը պակ­սեց­նեն ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի մե­ծա­վաս­տակ ներդ­րու­մէն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան գան­ձա­րա­նին մէջ։ Ընդ­հա­կա­ռա՛կն. կը շեշ­տեն իր գոր­ծին եւ վաս­տա­կին հսկա­յա­կան ար­ժէքն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ հա­յոց լե­զուն ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու գի­տա­կան պա­շա­րով ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ կար­գա­ւո­րե­լու կեն­սա­կան բնա­գա­ւա­ռին մէջ։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ 1902 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 8ին իր քրտնա­ջան աչ­քե­րը փա­կած ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան Աբ­բա­հայ­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կը հան­դի­սա­նայ նա­հա­պե­տը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յու­թեան լե­զո­ւա­գի­տա­կան զար­թօն­քին։

Եւ նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն իր հնչե­ղու­թիւ­նը կը պահ­պա­նէ պատ­գա­մի վե­րա­ծո­ւած ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի այն եզ­րա­յան­գու­մը, թէ՝

«1. ­Պէտք է նկա­տել աշ­խար­հա­բարն իբ­րեւ դիւ­րա­ցու­ցիչ եւ իբ­րեւ ա­ռա­ջին աս­տի­ճան՝ գրա­բա­րի ել­լե­լու: 2. ­Պէտք է նկա­տել գրա­բարն իբ­րեւ էա­պէս հար­կա­ւոր՝ աշ­խար­հա­բա­րի կա­տա­րե­լու­թեա­նը: Ա­սան­կո՛վ կա­րե­լի է տես­նել մեր ներ­կայ եւ ա­պա­գայ գրա­կա­նու­թեան պայ­ծա­ռու­թիւ­նը: Աշ­խար­հա­բա­րը գրա­բա­րէն ինչ­պէս իր ծնունդն ա­ռած է, նոյն­պէս դեռ իր զար­դա­րան­քը, մա­նա­ւանդ թէ դեռ իր հո­գին ու շուն­չը կ­՚առ­նէ: ­Միշտ ստոյգ կը մնայ թէ նոր լե­զո­ւի մը բո­լոր գան­ձը հի­նին մէջն է, եւ հինն ստա­ցո­ղը տի­րած է նո­րին»։

Ն.