- Details
- Category: Յուշատետր
12 Սեպտեմբերին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր արուեստագէտներէն Եղիշէ Թադեւոսեանի, որ խորապէս արտայայտչական իր տպաւորապաշտ կտաւներով՝ ինքնուրոյն դէմք մը կը հանդիսանայ հայկական գեղանկարչութեան մէջ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբեր 10ի օրը կ’ոգեկոչենք անմահ յիշատակը Փեթարայ կամ Սասունցի Մանուկի, որ սասունցի լեռնականի իր խրոխտ կերպարով եւ դաշնակցական ֆետայիի գերագոյն զոհաբերութեան ոգիով՝ իր արժանի տեղը ունի հայ ազատագրական շարժման անմոռանալի «Անկեղծ Զինուոր»ներու հերոսական փաղանգին մէջ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Արդի ժամանակներու համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն գայթակղութիւններէն մէկուն` Մուսթաֆա Քեմալի զօրքին Զմիւռնիա մուտքին եւ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական այդ չքնաղ քաղաքին հրոյ ճարակ կործանման տարելիցն է այսօր` 9 Սեպտեմբերը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբեր 7էն 8ի լուսցող գիշերը, 43 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժութեան արժանի է իբրեւ հայկական երգիծանքի սփիւռքեան շնչաւորման տաղանդաւոր վարպե
- Details
- Category: Յուշատետր
1576 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 7ի այս օրը, ծերունազարդ 91 տարեկանին, վախճանեցաւ հայոց վեհափառ հայրապետը` Սուրբ Սահակ Պարթեւ։Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան արմատաւորման եւ հոգեմտաւոր հարստութեան ծաղկումին մէջ հիմնարար եղաւ ներդրումը Սահակ Պարթեւ Կաթո