Սեպտեմբերի առաջին օրը, 95 տարի առաջ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ այսպէս կոչուած «Արեւելեան Ժողովուրդների Առաջին Համագումար»ը։
Ընկերվար Երկրորդ Միջազգայնականէն անջատուած եւ պաշտօնապէս Համայնավար Երրորդ Միջազգայնական մը հիմնած Լենինի Խորհրդային Ռուսաստանը, նոյն այդ Երրորդ Միջազգայնականի յատուկ նախաձեռնութեամբ՝ 1 Սեպտեմբեր 1920ին, Պաքուի մէջ, հանդիսաշուք բացումը կատարուեց այսպէս կոչուած «Արեւելեան Ժողովուրդների Առաջին Համագումար»ին։
Համագումարի աստղերն էին որքան Անդրկովկասի համայնավար գործիչները, որոնց շարքին առաջին դիրքերու վրայ կանգնած հայ պոլշեւիկները, նոյնքան մինչեւ կեդրոնական Ասիոյ խորերը տարածուած մահմետական ու թրքացեղ ժողովուրդներու անունով շռնդալից ճառեր արտասանող թուրք իթթիհատական ու ատրպէյճանցի մուսաւաթական պարագլուխները՝ հայասպան Էնվեր եւ Խալիլ փաշաներու ղեկավարութեամբ։
Համագումարը անուանապէս եւ պաշտօնական ձեւակերպումով կոչուած էր թարգմանը դառնալու «կապիտալիստական Արեւմուտք»ին դէմ «յեղափոխական Արեւելք»ի բողոքին ու պայքարին... Բայց խորքին մէջ եւ էապէ՛ս համագումարը ծառայեց ինչպէս Անգլիոյ դէմ խորհրդայինեւթուրք միացեալ ճակատի մը առաջացումին, նոյնպէս եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կործանելու նպատակով Լենին-Քեմալ սադայէլական զինակցութեան հիմնաւորումին։
Հայ քաղաքական մտքի դիտանկիւնէն հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ էջերէն մէկը հանդիսացաւ նորանկախ մեր պետականութեան կործանումին հետամուտ թուրքեւխորհրդային այդ քաղաքական սադրանքը։ Նաեւ՝ հայութեան ճակտին ամօթի խարան մը եղաւ «Արեւելեան Ժողովուրդների Առաջին Համագումար»ը, որովհետեւ հայ պոլշեւիկները պապէն աւելի պապական դարձան եւ կատաղի ճառեր արտասանեցին ընդդէմ հայկական «ազգայնամոլութեան» եւ «դաշնակիզմ»ին, իրենց «օրհնութիւն»ը շռայլելով անկախ Հայաստանի կործանումին։
Խորհրդային Ռուսաստանը նախաձեռնեց համագումարը՝ գլխաւոր երեք առաջադրանքներ իրականացնելու համար.-
Առաջինը՝ խորհրդային իշխանութեան ամրապընդումն էր նաւթով հարուստ Պաքուի մէջ։
Երկրորդը՝ անգլիական գաղթատիրութեան դէմ Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա երկարող ռուսեւմահմետական, աւելի ճշգրիտ՝ ռուսեւթրքական կարմիր գիծի մը ստեղծումն էր։
Երրորդը՝ համագումարի բացումէն քանի մը շաբաթ առաջ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումն ու լենինեան տիրապետութեան ենթարկումն էր։
Խորհրդային քաղաքականութեան այդ առաջադրանքներու իրագործման ճամբուն վրայ, համագումարը եղաւ փորձաքար մը՝ թրքական կողմին մէջ պոլշեւիկներու բուն խօսակիցն ու զինակիցը ճշդելու առումով։
1919էն ի վեր Մոսկուա դարձած էր ժամադրավայրը Առաջին Աշխարհամարտէն պարտեալ դուրս եկած եւ արտասահման փախուստ տուած Թուրքիոյ իթթիհատական պարագլուխներուն, որոնք իրենց գերման դաշնակիցէն այլեւս յուսահատ՝ Լենինի եւ անոր գործակիցներու շրջապատին մէջ կը փնտռէին համիսլամական եւ համաթրքական իրենց ծրագիրներուն աջակից ուժը։ Լենին եւ Ընկերք բնական ու հասկնալի կասկածանքով ընդունեցին իրենց օգնութեան դիմող թուրք գործիչները. որոշ ժամանակ Խալիլ փաշային տուին նախապատուութիւնը. կարճ շրջան մը «սիրաբանեցան» Էնվերի հետ. բայց ռուս պոլշեւիկ ղեկավարութեան սրտամօտ էր նոր փայլող աստղը Մուսթաֆա Քեմալի, որուն հետ գաղտնի բանակցութիւններ կը տարուէին ամիսներէ ի վեր եւ 1920ի Օգոստոսի 27ին գործակցութեան նախնական պայմանագիր մը ստորագրուած էր արդէն։
Նման շահագրգռութիւններու խորապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ «Արեւելեան Ժողովուրդներու Առաջին Համագումար»ին բացումը 1920ի Սեպտեմբերի առաջին օրը։ Օրեր շարունակ համագումարի մեծ ամպիոնէն հնչեցին ռազմագոռ կոչեր, որոնք ուղղուած էին ընդհանրապէս Արեւմուտքի «կապիտալիստական ծաւալապաշտութեան» եւ այս վերջինին «կամակատար» գործիքը դարձած Օսմանեան Կայսրութեան դրածոյ կառավարութեան դէմ. նաեւ ու յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ուղղուեցան «սրբազան պատերազմ»ի կոչեր։
Ի՜նչ փոյթ, որ նոյն այդ շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը լիազօրած էր Լեւոն Շանթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որպէսզի քաղաքական գործակցութեան հիմք մը գտնէ եւ հաստատէ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ։ Մինչ անդին՝ Լենին եւ իր ընկերները անկախ Հայաստանի գոյութեան իրաւունքին իսկ դէմ էին, պարզապէս ժամանակ շահելու խնդիր ունէին եւ իրենց լիազօրած Լեգրանի միջոցաւ կը ձգձգէին որեւէ համաձայնութեան գոյացումը։
Միւս կողմէ՝ Համագումարի ընթացքին իթթիհատական պարագլուխներուն «յեղափոխաշունչ» ելոյթները օգտագործուեցան պոլշեւիկներուն կողմէ, որպէսզի թրքացեղ եւ մահմետական ժողովուրդներուն մօտ խորհրդային քարոզչութեան ի նպաստ հող պատրաստեն։ Քրեմլեան ղեկավարութեան հաշուարկներուն մէջ գերիշխող միակ մտահոգութիւնը այն էր, որ քեմալական շարժումը՝ արեւմուտքի դէմ խորհրդայիններուն զինակից դառնալու համար, նախապայման կը դնէր դէպի Հայաստան թրքական ընդարձակումը, պատերազմի ճամբով Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորտակելու մտադրութեամբ։ Մինչդեռ Լենինեան Ռուսաստանը կը նախընտրէր խաղաղ ճամբով հասնիլ Հայաստանի խորհրդայնացումին։
Իսկ դէպքերը, ինչպէս պատմութիւնը եկաւ հաստատելու, ընթացան քեմալի նախասիրած... հունով։
Այդ առումով՝ 1 Սեպտեմբեր 1920ին բացուած «Արեւելեան Ժողովուրդներու Առաջին Համագումար»ը սադայէլական այդ գործարքը ազդարարող «խրախճանք» մը հանդիսացաւ։
Քանի մը շաբաթ ետք, Սեպտեմբեր 1920ի վերջերուն, առանց պատերազմի յայտարարութեան, քեմալական զօրքը գրոհեց Հայաստանի վրայ՝ Կարմիր Բանակը նոյնօրինակ գրոհի մղելով, որպէսզի մանուկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իյնայ եւ կործանուի... երկու կողմէ բռնկած կրակի մէջ։
Ն.