- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Մինչեւ երէկ ես զիս կը մխիթարէի՝ մտածելով, որ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ դեռ կան մեծ թիւով հայեր, որոնք, հակառակ նահանջող ազգային բարքերու, տակաւին կը սիրեն կարդալ մայրենի լեզուով, տակաւին հայերէն գիրք կը կարդան, կամ գոնէ հայերէն թերթ կը կարդան:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ժամանակը հետզհետէ կը նուազի հայութեան համար։ Հողը մեր ոտքերէն վար կը տատանի, կը կորսուի։ Նա՛եւ անկախութեան։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ա.
Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբերի կէսօր։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին տիկինը կը հիւրընկալուի Ազգային Առաջնորդարանին յարկին տակ, Լա Քրեսենթա։ Հիւրին ու հիւրընկալին միջեւ զրոյցը բնականաբար կը ծաւալի Հայաստանի ու Արցախի իրադարձութեանց շուրջ, կ'ընդգրկէ մեր բանակին ու անոր քաջարի զինուորներուն առօրեան, սահմանային դիրքերու վրայ արձանագրուող բախումներուն հետեւանքները...։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Հայ ազգը կանգնած է մէկէ աւելի ճամբաբաժաններու առջեւ:
Անհատապաշտութիւն, չարաշահութիւն, սնափառութիւններ, հաւաքականի առաջնորդող գիտակցութեան պակաս եւ հեռանկարի բացակայութիւն, որակի անտեսում՝ ազգը նմանցուցած են սաւանի մը, որուն շուրջ որպէս տէր կանգնածներէն իւրաքանչիւրը իր կողմը կը քաշէ: Չենք անդրադառնար, որ անմիջականի հետամուտ այդ քաշքշուքը բզիկ-բզիկ պիտի ընէ այդ անտէր սաւանը: Հրաշք է, որ անիկա դեռ կը դիմանայ:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ջերմապէս գնահատելի է Ազգ. Վարչութեան հայ ուսուցիչներ պարգեւատրելու մտայղացքը, որոնց կարգին նաեւ զիս, որպէս Ազգային- Զաւարեան Վարժարանի ուսուցչուհի ու նաեւ որպէս Համազգային Մշակութային Միութեան եւ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ: