Դեռ որքան բան ունինք ըսելիք ու պատմելիք Հայաստան-Սփիւռք մեր այսօրուան իրականութեան մասին։ Այս օրերուս մանաւանդ, երբ հայրենիքի մէջ գումարուեցաւ համահայկական 5-րդ համաժողովը, որ ժողովասրահներուն մէջ կոչուած էր նոր ձեւով լայնօրէն քննարկելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակի,
Սուրիա-Քեսապի պէս համայն հայութիւնը մտահոգող ծանրագոյն հարցեր, համայն հայ մամուլի լրագրողներու համագումար եւ Հայաստան-Սփիւռք մեր ապագայի ամէնէն կենսական խնդիրը իր դրական ու ժխտական հեռանկարներով ու ակնկալութիւններով։ Համաժողով՝ որ յատկապէս փորձեց ճշդել իր ազգային տոկունութեան ու դիմադրութեան սահմանները, երբեմն այդ սահմաններէն ալ անդին երթալով։
Համաժողովին մասնակցողները առանց ձեւական որեւէ տրամադրութեամբ եղունգներ, մատներ ու ձեռքեր պաշտպանող գունաւոր ձեռնոցներու՝ գրկեցին շիկացած երկաթը մերկ ձեռքերով, առանց թաւշեայ ձեռնոցներու։
Հիմա՝ զրոյց ու պայքար պիտի շղթայազերենք շիկացած երկաթին հետ. ափ-ափի, նայուածք-նայուածքի, երես-երեսի։
Համագումարին արծարծուած օրակարգային նիւթերը՝ դաստիարակչական կամ տեսաբանական բովանդակութեամբ դասախօսազրոյցներու սահմաններէն դուրս եկան, ու իրենց բովանդակութենէն ալ աւելի անդին երկարեցան. հակաճառող փոխասացութիւններ կամ իրար համոզող պարզ խօսքեր չեղան անոնք, ոչ ալ հասարակ հռետորական սրութեամբ յատկանշուեցան։ Որոշ պարագաներու՝ տիրապետող եղան յանդուգն քննարկումներու խորքային վերլուծումներ, մակերեսէն վեր ու մակերեսէն վար, հարցի թիրախին սիրտը զարնելով։
Կեանքը հայութեան ներկայ պայքարը հայութեան ծոցին մէջ զետեղած է։ Հարցերու ծանրութիւնը աւելի քան ճնշիչ ու ճնշող է, քան կրնայինք երէկ դեռ երեւակայել։ Կարծես կեանքի մը տարբեր պատկերը ըլլար, որ յանկարծ, ակամայօրէն որդեգրեցինք, իւրացուցինք, մե՛րը, ձե՛րը դարձուցինք։
Հայաստանը այսօր մէկ է, երկուք է, երեք է. բայց Հայաստանը իսկութեան մէջ ՄԷԿ է։ Հայաստանը կը պատկանի նախ եւ առաջ իր ինքզինքին։ Բայց հայերը կը պատկանին Հայաստանին, իրենց ինքզինքէն առաջ ու վերջ։
Այս համաժողովէն, յուսամ որ, նոր պատգամներ պիտի տարասըփ ռուին համայն հայութեան համար։ Նոր լոյս, նոր վճռակամութիւն։ Երկրորդը առանց առաջինին չ’ըլլար։ Համեմատութիւններու ողբերգութիւն մը կ’ապրինք, եթէ հասկցած ենք, կամ եթէ չենք հաս-կըցած...։
Ցեղասպանութիւն եւ Անկախութիւն միասին կը քալեն։ Անխուսափելիօրէն նոյն ճամբան ընտրած են։ Այսքանով կը բաւարարուիմ, չներթափանցելու համար իմաստներու որոշ թէ անորոշ, երեւելի թէ աներեւոյթ դերերու մէջ։
Ո՛ր հայը կրնայ տարակարծիք ըլլալ այս ճշմարտութեան։ Աշխարհի բոլոր հայերը շատ բան կը պարտին հայրենիքին։ «Հայրենիք» իմաստի համապարբակ հասկացողութեան։ Մանկութեան ու դպրոցական տարիներէն, ա՛յս եղած է մեր տան ու դպրոցի կենդանի դաստիարակութիւնը։ Մեր ուսուցիչները սեւ, ապա՝ կանաչ գրետախտակին վրայ սպիտակ կաւիճով կը գծէին Կիլիկիան, Կարսը, Արտահանը, երկգագաթ Արարատը, քառագագաթ Արագածը։ Աւելի վերջ, կը գծէին գունաւոր կաւիճով ալ, որպէսզի փոքրիկ աշակերտներուն կատարելապէս իւրացնել տան այս խոր-հըրդաւոր ճշմարտութիւնը, այն է, թէ հայրենիքները բաժանարար սահման ունին, թէ Արարատը այժմ մեր սահմաններէն դուրս է, բայց մեր հոգիի սահմաններէն ներս պիտի ապրի միշտ։
Արարատ սիրելիս։ Շարունակենք մեր սիրային զրոյցը, գաղտնօրէն, իրարու հետ, շունչ շունչի, նայուածք նայուածքի։
Փակագիծ մը բանալով, ըսենք, թէ Ազատութեան ու Անկախութեան
տուեալ այս դրսեւորումը հանդիսացաւ մեր կեանքի ու պայքարի հարազատ արտայայտութիւնը, եւ, ի հարկին, քիչ մըն ալ աւելի։ Հայաստան-Թուրքիա թելապատ սահմաններէն այս կողմ, այն կողմ, աւելի խորունկ, իր խորհուրդի հասակի փոքրութեամբ, բայց մանաւանդ մեծութեամբ, հսկայականութեամբ։ Բայց փակագիծերը երբեք գրաւիչ չեն եղած մեր պատմութեան մէջ, ուստի ժամանակաւորապէս փակենք զանոնք։
Իրօք, սահմանի տեսլականը կիրք ունի. կիրքը մեր սահմաններէն դուրս եկաւ. միջազգայնացա՜ւ։ «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկները» ազգային տարբերուած դաստիարակութեան մը ընդմէջէն հայրենասիրութեան կիրքը ուռճացուցին, նախ՝ աշխարհի ցամաքամասերը չափչփող անձնազոհ տղոց քաղաքական, այլ մանաւանդ՝ ազգային գիտակցութեան վճռակամութեամբ, ապա նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գծով նոր էջ մը բանալով մեր պահանջատիրութեան նորագոյն պատմութեան մէջ։
Չեմ գիտեր, եթէ այս տղաքը, կը խորհին թէ հասան իրենց վերջնական նպատակին. հոն՝ ո՛ւր կ’ուզէին հասնիլ, հոն՝ ո՛ւր կ'ուզէին հասցնել. բայց գիտեմ, որ կրակին կը հասնիս այրելով. կեանքին կը հասնիս մահուամբ ալ։
Կը թուի սակայն, թէ այս ազգին մէջ սկսած ենք հերոսները մոռնալ։
Հայրենասիրութեան առաքինութիւնը ուժ կ’ուզէ. տեսլականի մը էութենէն վեր վարակուիլ եւ անկէ չհրաժարիլը, չհեռանալը ուժ կ’ուզէ։ Այս ալ՝ միութեան, միասնականութեան ձեւ մըն է։
Մեծութիւն է նաեւ չվախնալը, քանի հերոսներուն համար վախը անծանօթ զգացում մըն է։ Աւելին, պատերազմի դաշտին վրայ թշնամիէն չվախնալը մեծութիւն է. կեանք վտանգելը, կեանք զոհելը, նահատակուիլը գերագոյն մեծութիւն է։ Այդ մեծութիւնը պատմութեան ու քաջութեան հետքերը երկար կը պահպանէ մեր կեանքի ծանօթ թէ անծանօթ խորտուբորտ ճանապարհներու վրայ։
Հայրենի իշխանութիւններու կողմէ Արցախեան հերոսամարտի Եռաբլուրեան հանգստավայրի նահատակներու կողքին՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի համարձակող տղոց համար անշիրիմ շիրիմներ, անդագաղ դամբարաններ զետեղուած են, կողք կողքի։ Նոյնիսկ՝ Գուրգէն Եանըգեանին համար առաջին տապանաքար մը զետեղուած է, որ երբ Ամերիկա ապրող նախկին պարսկահայ ծերունազարդ հայրենասէրը Լոս Անճելըսի թուրք հիւպատոսը կ’ահաբեկէր տասնամեակներ առաջ, պանդոկի մը սենեակի մէջ։ Այդ օրերուն, տուեալ կազմակերպութիւնը հիմնուած չէր, բայց երիտասարդները նպատակայարմար դասած են Եանըգեանը իբրեւ իրենց ազատագրական պայքարի ռահվիրայ ուղեցոյցը համարելու։ Փառք անոր։
Դժուար բան է մարտիկ դատելը։ Լուռ ու խոհուն կը մնաս ոեւէ հայու անձնազոհութեան դիմաց։ Այս մէկը յարգանք է. յարգանքը՝ երէկ թէ այսօր, չ’արտօներ որ զանազանութեան եզրեր փնտռես կրակողին թէ փամփուշտը շալկողին միջեւ։ Առանց երկրորդին առաջինը չ’ըլլար. այս բաները սերտօրէն իրարու միախառնուած են եւ իրարու միախառնուած պիտի ըլլան բոլոր ժամանակներուն մէջ։
Հերոսութիւնը միակողմանի զանազանութիւններ չ’արտօներ. Անքակտելի ամբողջութիւն մը կը կազմէ եւ իրար կը յաջորդէ ինչպէս լոյսն ու մութը, ինչպէս մութն ու լոյսը։ Գիտենք արդէն, որ մութը լոյսէն կը բխի եւ լոյսը մութէն կը ծնի...
Շատ բան պարտական ենք մեր նորագոյն բոլոր իրական ու ճշմարիտ հերոսներուն։ Ի մասնաւորի անանուններուն, անյայտներուն։ Անոնք մեզի կրակ ու լոյս տուին։ Կրակ՝ որպէսզի գոյատեւենք. լոյս՝ որպէսզի հեռանանք մութէն։
Ողջո՜յն անոնց որ մահէն չվախցան։ Անոնց՝ որ վախցան միայն որ Արդարութիւնը կրնայ կորսուիլ, կրնայ խափանուիլ։
Եւ արդարութեան հետ՝ Յոյսը։
Սահմանի տեսլականը երազի վրայ իրաւունք կը նուաճէ։ Որքան ալ փոխարինող ու փոխարինական լուծումները երթալէն կը սահմանափակուին եւ կը կորսուին մեր մօտիկ անցեալին մէջ։ (Շար. 6)
Յովսէփ Պարազեան