Ժա­մա­նա­կը հետզ­հե­տէ կը նո­ւա­զի հա­յու­թեան հա­մար։ Հո­ղը մեր ոտ­քե­րէն վար կը տա­տա­նի, կը կոր­սո­ւի։ Նա­՛եւ ան­կա­խու­թեան։

Ան­կա­խու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւի այն տե­սա­բա­նու­թեան վրայ որ կը մեկ­նա­բա­նէ զայն՝ Ա­զա­տու­թեան, Ար­դա­րու­թեան, հայ­րե­նի­քի գե­րա­գոյն ի­մաստ­նե­րով։ Այս ի­մաստ­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած է հա­յու ան­շեղ հա­ւատ­քը, հա­ւա­տամ­քը, հա­ւա­տոյ հանգ­նա­կը։

Ի­մաստ­ներ, ո­րոնք լիի­րա­ւօ­րէն չեն կրնար ար­ժե­ւո­րո­ւիլ ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի, ե­թէ նախ եւ ա­ռաջ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ա­զա­տօ­րէն իր խոր­հուր­դը չ­þար­տա­յայ­տէ. ե­թէ այդ ի­մաստ­նե­րը մարմ­նա­ւո­րող ի­րա­կա­նու­թեան մը մէջ չապ­րի ու չգո­յա­տե­ւէ տե­ւա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ Ան­կա­խու­թիւ­նը իր շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեամբ կը մեծ­նայ ու կը գո­յա­տե­ւէ։

Հա­յու­թիւ­նը վստա­հա­բար որ կ­þու­զէ գրկել ու պահ­պա­նել այս ի­մաստ­նե­րը։ Հա­յու­թիւ­նը վստա­հա­բար կ­þու­զէ որ չխե­ղա­թիւ­րո­ւին այս ի­մաստ­նե­րը դրսե­ւո­րող ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան գա­ղա­փար­նե­րը։ Բայց ինչ­պէ՞ս պի­տի որ­դեգ­րէ ազ­գա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը, քա­նի որ­քան կ­þանց­նի ժա­մա­նա­կը, այն­քան կը հե­ռա­նանք ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րէն։

Տես­լա­կան ու գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն տե­սա­բա­նա­կան ի­մաստ­ներ չեն. միա­սին կը քա­լեն, ինչ­պէս շատ մը այլ գա­ղա­փար­ներ ու գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­ներ։ Պատ­մու­թիւ­նը շա­տոնց է մեզ զգու­շա­ցու­ցած է այս մա­սին։ Դաս մը տանք աշ­խար­հի բո­լոր թե­րա­հա­ւատ­նե­րուն, ո­րոնք կար­ծե­ցին թէ հա­յը մահ կը պաշտ­պա­նէ։ Թո՛ղ գիտ­նան, հա­յը մահ կը պաշտ­պա­նէ Ան­կա­խու­թեան հա­մար միայն։ Ի­րեն հա­մար մա­հը ու­րիշ բան է՝ Ան­կա­խու­թիւ­նը ճիշդ գնա­հա­տե­լը, ար­դա­րու­թիւ­նը մեր­ժե­լը, պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը ու­րա­նա­լը։ Ա­յո՛, ա­սոնք ենք որ դէ­պի մահ կ­þա­ռաջ­նոր­դեն. փաս­տօ­րէն պզտիկ գա­ղա­փար­նե­րը եւ պզտիկ մար­դի­կը եւ ի­րենց յա­րու­ցած հե­տե­ւանք­նե­րը։

Ան­կա­խու­թեան հա­մար կռո­ւող­նե­րը՝ կռո­ւե­ցան բա­նի մը հա­մար, որ ի­րեն­ցը հա­մա­րե­ցին։ Յա­ճախ չի պա­տա­հիր այս մէ­կը։

Գա­ղա­փար­նե­րու հա­մար կռիւ պէտք է ստեղ­ծել ու ստեղ­ծա­գոր­ծել։ Յա­ճախ կը խօ­սինք հայ­րե­նի­քի գե­րա­գոյն գա­ղա­փա­րի մա­սին հռե­տո­րա­կա­նու­թեամբ, ճար­տա­սա­նու­թեամբ եւ քիչ վերջ մեր շեշ­տը կը նո­ւա­զի եւ ա­մէն ինչ կը մոռ­նանք։

Բայց ի՞նչ ը­սել է այս մէ­կը։

Ե­րա­նի ա­նոնց, որ կը յա­մա­ռին Ան­կա­խու­թեան հա­մո­զու­մը շալ­կել ի­րենց մէջ։

Հի­մա՝ յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րը սա­ռած են. ա­ռա­ջին գի­ծէն մին­չեւ վեր­ջի­նը։ Ա­նոնք՝ ա­նո­րոշ ու ա­նե­րե­ւոյթ գի­ծով մը կը միա­նան ի­րա­րու, որ յա­ճախ կը դժո­ւա­րա­նաս սկիզ­բը, մէջ­տե­ղը եւ վեր­ջը գտնե­լու։ Բու­նը՝ գի­տա­կից այլ ըմ­բոստ լռու­թիւնն է, որ թե­րեւս այն ըլ­լայ աշ­խար­հի ա­պա­գայ նոր յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։

Որ­պէս­զի յե­ղա­փո­խու­թիւն մը սկսի, պէտք է պատ­ռել լռու­թեան վա­րա­գոյ­րը։

Ի՛նչ գոյն ալ ըլ­լայ ան։

Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան