«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Թէյի, սուրճի եւ ճաշի խնդիր
Խմբագրատան մէջ ամէն օր հարց ունիմ թէյի, սուրճի եւ ճաշի հետ։ Անշուշտ կþենթադրեմ որ ես աշխարհի վրայ միակը չեմ այս մարզէ ներս, ամէն մարդ ունի այդ խնդիրները, բայց ես ճամբայ ելեր եմ խօսելու համար իմ խնդիրներուս մասին։ Եւ ես ամէն օր հարց ունիմ նախ թէյի, ապա սուրճի, վերջն ալ ճաշի հետ։
Անմիջապէս ըսեմ որ թէյ չեմ սիրեր, բայց սուրճ շատ կը սիրեմ։ Իսկ բժիշկներս թէյին համար բան չըսին, բայց խնդրեցին որ սուրճը պակսեցնեմ։ Ասիկա իմ նախասիրութիւններուս ներհակ ու անախորժ յանձնարարութիւն էր։ Եւ ես որ գիտեմ թէ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ բան ճիշդ մեր ուզածին պէս կ'ըլլայ, առաջին օրէն որոշեցի իմ կարողութեան չափով եւ իմ սեփական հնարամտութիւններով իրարու հետ հաշտեցնել բժիշկներու ըսածներն ու իմ նախասիրութիւնները։
Թէեւ ըսի որ թէյ շատ չեմ սիրեր, բայց պէտք է ըսեմ որ շատ հաճելի կը գտնեմ առտուան առաջին թէյը, երբ կը նախաճաշեմ։ Տրուած ըլլալով որ առտուան կանուխ ժամերուն խմբագրատան խոհարարուհին տակաւին ժամանած չþըլլար, իմ տղաքը անձամբ կը պատրաստեն իմ թէյը ու կը դնեն սեղանիս վրայ։ Առաջ ամէն ինչ հրաշալի էր այս առաջին թէյին հետ, բայց յետոյ բան մը փոխուեցաւ։ Բժիշկս յանձնարարեց որ շաքարի գործածութիւնը նուազեցնեմ։ Շաքարախտ չունիմ բարեբախտաբար, բայց արեանս մէջ շաքարը բարձրացեր է մինչեւ ընդունելի չափերու սահման, ուստի լաւ կþըլլայ որ շաքարը պակսեցնեմ։
Ալ չեմ յիշեր թէ քանի տարիներ անցան այն օրէն ասդին երբ սիրելի բժիշկս օր մը ըսած էր ինծի.
-Ասկէ վերջ աղաման պիտի չբռնես, երբեք աղ պիտի չցանես կերածիդ վրայ։ Կնոջդ ալ յանձնարարէ որ շատ քիչ աղ գործածէ ճաշերու մէջ։
Գլխուս վրայ։ Աղը թէեւ կեանքի ամէնէն հրաշագործ համերէն մէկն է, բայց գիտեմ որ մարդ առանց շատ աղ ուտելու ալ կրնայ ապրիլ՝ եթէ կը սիրէ իր առողջութիւնը։ Մնաց որ կրնայի մտածել որ եթէ աղը արգիլուած էր, գոնէ շաքարը արգիլուած չէր, եւ շաքարն ալ կեանքի ամէնէն հրաշագործ համերէն մէկն էր։ Բայց ահա որ հիմա շաքարին հետ եւս իմ սիրաբանութիւնը արգելքի կը բախէր։
Ուստի մերիններէն նախ խնդրեցի որ առաւօտեան թէյին քով դրուած երկու շաքարը մէկի իջեցնեն։ Յետոյ խնդրեցի որ այդ մէկ հատն ալ վերցնեն։ Պիտի ջանայի թէյը խմել առանց շաքարի։ Նաեւ այն թմբին, զոր մեր խոհարարուհին խմբագրատուն ժամանելէ անմիջապէս վերջ կը դնէ սեղանիս վրայ։ Միայն թէ հոս ալ խնդիր մը կար։
Որքան ալ ըսած ըլլայի որ թէյը կ'ուզէի խմել առանց շաքարի, մեր խոհարարուհին կը շարունակէր հատ մը քառակուսի շաքար դնել բաժակին քով, որովհետեւ կ'երեւի թէ կը մտածէր որ առանց շաքարի թէյ հրամցնելը անփափկանկատութիւն կ'ըլլար ինծի նկատմամբ։ Արդիւնքն այն եղաւ որ ամէն օր սկսայ պայքար մղել այդ մէկ հատ շաքարին դէմ, յաճախ ալ տարուեցայ մտածելու թէ «մէկ շաքարէն ի՞նչ կ'ելլէ, սա մէկ հատ շաքարը նետեմ թէյին մէջ»։
Թէյէն երկու ժամ վերջ, ճիշդ այն պահուն երբ մեր տենդագին աշխատանքը պիտի ընդհատուի քսան վայրկեանի համար, խոհարարուհին սեղանիս վրայ պիտի դնէ սուրճս։ Կարճ ժամանակ առաջ հրահանգեցի իրեն։ «Եթէ կարելի է, շատ սուրճ մի գործածեր որպէսզի թանձր չըլլայ, թող թեթեւ ըլլայ, շաքարն ալ քիչ մը պակսեցուր»։ Բայց հոս ալ խնդիր մը կայ։ Խոհարարուհին, որքան ալ ցանկար թեթեւ ու քիչ շաքարով սուրճ պատրաստել, կը մտածէր որ անհամ սուրճ մը հրամցնելը անփափկանկատութիւն կ'ըլլար ինծի նկատմամբ, ուստի կը դժուարանար նոյնութեամբ գործադրելու իմ խնդրանքը, բան մը որմէ ես ալ շատ դժգոհ չէի իրականութեան մէջ, քանի որ սուրճս կը շարունակէր համեղ մնալ։
Երկու ժամ վերջ պիտի գայ մեր կէսօրուան ճաշի ժամը ու պիտի բոլորուինք Խմբագրատան ճաշարանին մէջ որ նաեւ մեր խոհանոցն է։ Մեր խոհարարը ամէն օր տարբեր ու համեղ ճաշ մը կ'եփէ ամբողջ անձնակազմին համար, միայն թէ հոս ալ հարց մը կայ։ Ես սակաւակեր եմ, այսինքն քիչով կը կշտանամ։ Ուրիշները կրնան այդպէս չըլլալ, բայց ես իսկապէս քիչով կը կշտանամ։ Խոհարարուհին շատ լաւ գիտէ թէ ես քիչով կը կշտանամ, բայց ասիկա արգելք չէ որ ամէն օր բերնէ բերան լեցնել սկսի պնակս, որովհետեւ անշուշտ կը խորհի որ ինծի նկատմամբ անփափկանկատութիւն ըրած կ'ըլլայ եթէ պնակիս մէջ քիչ կերակուր դնէ։ Ես պէտք է ուրեմն ամէն օր միջամտեմ, պէտք է ըսեմ.
-Քիչ դիր, խնդրեմ։
Կամ պէտք է որ պնակին բովանդակութեան մէկ մասը ետ վերադարձնեմ։ Խոհարարուհին սիրով պիտի գործադրէ խնդրանքս, բայց յաջորդ օր նոյնը պիտի ընէ։
Կէսօրէ վերջ շատ կը սիրեմ անմիջապէս խմել օրուան երկրորդ ու վերջին սուրճս։ Հոս ալ հարցն այն է որ սուրճը շատ կ'ուշանայ, հակառակ որ ամէն օր կը խնդրեմ որ ճաշէն վերջ սուրճը շատ չուշանայ։ Խոհարարուհին կէսօրուան այս ժամուն շատ բազմազբաղ է ամէնուն ճաշ հրամցնելով, ուստի անփափկանկատութիւն չի նկատեր զիս սպասցնելը։
Օրուան վերջին խնդիրը ժամը չորսի թէյին հետ է։ Այս թէյը բոլորովին աւելորդ է։ Ես բնաւ չեմ ուզեր խմել այդ թէյը։ Քանի մը անգամ ալ խոհարարուհիէն խնդրած եմ որ զանց առնէ իմ թէյը։ Բայց ան թէյը անպայման կը դնէ սեղանիս վրայ։ Թէյը անպայման կը դնէ սեղանիս վրայ, որովհետեւ անշուշտ կը մտածէ որ անփափկանկատութիւն է բոլորին թէյ հրամցնելով հանդերձ ինձմէ զլանալ բաժակ մը թէյը։
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)