28 Յունուար 2014: Հայաստան աշխարհ տօնեց հայոց բանակին հիմնադրութեան 22-րդ տարեդարձը՝ ամենայն շքեղութեամբ: Սփիւռքահայերս հետեւեցանք հայրենի պատկերասփիւռէն այս փառահեղ իրագործման ի պատիւ ներկայացուած տօնահանդէսին:

Բազմատեսակ նախաձեռնութիւններ, արտա- սանուած ճառեր, բանախօսութիւններ, երգ ու պար, զօրանոցային ձեռնարկներ, զինուորներու եւ սպաներու խանդավառ երգեր, պատգամներ, մաղթանքներ, մասնաւորաբար տունդարձի բաղձանք, անփորձանք դրօշակի ծառայութիւն: Ի լուր եւ ի տես այս բոլորին, հայրենի պատկերասփիւռը, հրճուանք, պարծանք ու պատիւ փոխանցեց:

Յայտագիրները յորդուն էին: Ցերեկային ժամերէն սկսեալ չկրցանք հեռանալ պատկերասփիւռին դիմացէն: «Երգ երգոց»-ը ներկայութիւն էր հիանալի երգերով, մեծ մասամբ նոր ստեղծագործուած, բանակայիններուն իբրեւ խրախոյս եւ մաղթանք: Հերթով երգեցին անուանի երգիչներ, երգչուհիներ, նոյնիսկ սկսնակ նկատուածներ: Զուգերգներ, խմբերգներ: Ամէնէն յուզիչը «Տունդարձի» բաղձանքի թեմայով երգերն էին:
- Սպասիր մամ, տուն կը վերադառնամ…
Միայն երգերը չեն, որ կը յուզեն, կը խանդավառեն, յոյս կը ներշնչեն հայրենիքի անվտանգութեան, պաշտպանութեան. երգերու կատարումներէն ետք Խորէն Աբրահամեան՝ «Երգ երգոց»-ի հաղորդավարը, ըստ յայտագիրի կիրարկման, կը հրաւիրէ ներկայ արուեստագէտները (որոնք հրաւիրուած են այս առիթով խօսք առնելու, իրենց կարծիքը, սրտի խօսքը, գնահատանքը ներկայացնելու) արտայայտելով այնպիսի կարծիքներ ու մաղթանքներ, որոնք հայրենասիրութեան անկեղծ ու սրտաբուխ պատգամներ են:
- «Դարեր շարունակ բանակ չենք ունեցած: Վերջապէս ունինք անկախ ու ազատ Հայաստան: Մեր առաջին բանակն է այս, որ 22 տարիներէ ի վեր կը պաշտպանէ մեր հայրենիքը: Արցախ աշխարհը ունի իր բանակը: Փառք ու պատիւ մեր բանակին, պահենք ու պաշտպանենք զայն, որպէսզի թշնամին չփորձէ խանգարել մեր խաղաղութիւնը: Քաջեր են մեր զինուորները, վերջին վկան եղաւ Արմէն Յովհաննիսեանը, որ փախուստի մատնեց ազերի կռուողները, իր անվեհեր քաջութեան մեծ օրինակը տուաւ, իր արեան գնով յաղթանակ ապահովեց»:
Ծափահարութիւններ կը յորդին, «կեցցէ»-ներ կը պայթին:
Յիրաւի բանակ ունենալու որքա՜ն բաղձանք երգած ենք մեր կարօտաբաղձ երգերով: Կը յիշեմ մանկութեանս սորված երգս. «Տիգրանակերտ, Մուշ, Պայազիտ դէպի Վան, ուղարկուէր հայոց զօրքեր պահապան»:
Կը յիշեմ երգը, կը բաղդատեմ այսօրուան իրականացած տօնահանդէսին, հրաշքի հա- մազօր լինելութիւն կը նկատեմ զայն՝ փառք տալով աստուածային արդարութեան: Երանի թէ Արցախը փրկուէր թուրքերու եւ ազերի վարձկաններուն վայրագ յարձակումներէն, խարդախ ոտնձգութիւններէն: Հնաւուրց երգ մը կ՛անցնի միտքէս՝ ի տես այս մեծահանդէս տօնին. «Տէ՛ր, կեցոյ դու զհայս»:
Ժամերը կ՛անցնին, հանդիսութիւնը կը շարունակուի ընդարձակ հանդի- սասրահի մը մէջ: Ժողովուրդի ներկայութեան խօսք կ՛առնեն նախագահ Սերժ Սարգսեանը, վարչապետը, զօրապետը, սպարապետը, որոնց անուան նուիր- ւած են երգեր: Բոլորին բաղձանքը նոյնն է. կեցցէ՛ հայոց քաջ բանակը, որ պիտի պաշտպանէ ամբողջական հայրենիքը՝ Հայաստանով, Ղարաբաղ-Արցախով:
Կը զարմանամ, թէ ե՞րբ յօրինած են այսքան երգ բանակայիններուն համար: Թաթային երգը չէ միայն. «Քայլ առ առաջ, քայլերով շիտակ, զինուոր ես դուն, ու եկել ես բանակ, հայկական եւ ոչ թէ հասարակ»:
Յետոյ յաջորդ երգերը: Հայաստանի գրեթէ բոլոր երգողները բերին իրենց մասնակցութիւնը: Հետաքրքրական էր զինուորներուն յօրինած երգերը, ինչպէս մեր յեղափոխականները, ինծի թուեցաւ, թէ ինքնաբուխ յօրինումներ են անոնք՝ խօսքերով եւ եղանակներով: Աստուած իմ, որքա՜ն տաղանդներ ունինք: Ուրիշ ազգեր այսքան երգեր ունի՞ն արդեօք իրենց բանակին ու քաջութեան նուիրուած: Անշուշտ թէ ունին, պէտք է ունենան, բայց ո՛չ մեր երգերուն չափ:
Բեմին վրայ են մեծանուն Յովհաննէս Չեքիճեան խմբավարը՝ իր երգչախումբով. նախ խումբը կ՛երգէ «Սուրբ Սուրբ» շարականը: Աղօթքը ի պատուի է անկախ Հայաստանի մէջ…, յետոյ, «Հայաստան երկիր դրախտավայր» հնաւուրց հրաշալի խմբերգը: Յետոյ «Արեւ ելաւ զէյթունցիներ»: Նուագախումբը կը թնդացնէ սրահը:
Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պարը» կը ներկայացուի, ապա ուրիշ սրտադունդ եղանակ մը կը մեկնաբանէ նուագախումբը:
Բեմ կու գան երկու մանչուկներ: Ինչ հրաշք է սա: Հագած են զինուորի տարազ, թռչնիկի նման կը ցատկռտեն բեմին մէկ ծայրէն միւսը, կը խոստանան զինուոր դառնալ Հայաստանի: Հայկ Նահապետը ինչպէս սպաննեց դաւաճան չար Բէլը, իրենք նոյնը պիտի ընեն, Հայաստանէն պիտի վտարեն թշնամին: Երկարատեւ ծափահարութիւն:
Միլիոնաւոր հանդիսատեսներ սա պահուն եթէ կը դիտեն այս տօնահան- դէսը…
Այս միջոցին կը յայտարարուի մէկ վայրկեան լռութիւն յոտնկայս նահատակ բանակայիններուն, եւ մասնաւորաբար նորոգ նահատակուած Արմէն Յովհաննիսեանի յիշատակին: Ինքզինքս նոյն սրահին մէջ կարծեցի, ես ալ ոտքի ելայ…
Երկար էր յայտագիրը, երանի տուի հայրենիքի մէջ ապրողներուն: Նման քաջարի բանակ ունեցողը հայրենիքէն հեռանալ կ՛ըլլա՞յ…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ