9-10 Պոֆոր հաշուող զօրաւոր քամիները լուրջ խանգարում յառաջացուցած են երկրի նաւային ուղիներու իրագործման մէջ: Նաւերը կապուած կը մնան Փիրէայի եւ Ռաֆինայի նաւահանգիստներուն մէջ, մինչ նոյն վիճակը կը տիրէ Վոլոս, Գավալա եւ Ռիոյի մէջ:

Աթէնքի մէջ հրշէջ սպասարկութիւնը 50է աւելի զանգեր ստացած է ինկած ծառերէ ճամբաները մաքրելու դիմումով:

Ռաուլ Վալլենբերգի հարիւրամեակին նուիրուած մետալը յանձնուեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասին։

«Կրակով խաղալու տրամադրութի՞ւն կայ Անգարայի մէջ»
հարց կուտայ յունական մամուլը

Յունական պաշտպանական համակարգի եւ յատկապէս օդային ուժերու «սիրտը» հանդիսացող Սքիրոս կղզիի շրջապատման դիմեց Թուրքիա, «Օրուք Ռէյս» ռազմանաւը ուղարկելով Եգէականի մէջ:

Երէկ կէս գիշերին, Յունաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած կառավարութեան դէմ անվստահութեան քուէի կապակցութեամբ։

Անցնող շաբաթավերջին իրենց մահկանացուն կնքեցին յունահայութեան եւ Հայ Դատի երկու հարազատ բարեկամներ, մեծահամբաւ բեմադրիչ Նիքոս Ֆոսքոլոս եւ լրագրող-հրապարակախօս Եանիս Քալամիցիս