Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տմիթրիս Աւրամոփուլոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 29 Հոկտեմբերին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, արտաքին գործոց

նախարարին, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարին հետ, որուն հետ տուաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը։ Լուսարձակի տակ առնուեցան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու  ամրապնդման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ ստորագրուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին վերաբերող համաձայնագիրներ։
Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատեցին պատմամշակութային ամուր հիմքի վրայ խարսխուած հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւնները. բարձր գնահատուած են երկկողմանի համագործակցութիւնը՝ քաղաքական, պաշտպանական, ռազմական, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Նախագահ Սարգսեանն ու նախարար Աւրամոփուլոս կարեւոր սեպեցին նաեւ միջազգային օրակարգի տարբեր հարցերու շուրջ երկու երկիրներու համանման մօտեցումներն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ փոխգործակցութիւնը:
Անոնք համակարծիք էին այն մասին, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ համագործակցութեան ներուժն աւելին է, քան ինչ որ գոյութիւն ունի այսօր՝ շեշտելով, որ պէտք է աշխուժացնել կապերն ու գործակցութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ շրջանային հարցերու։
Արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան նախարար Տմիթրիս Աւրամոփուլոսին հետ հանդիպումին ընթացքին դիտել տուաւ, որ երկու երկիրները կապուած են բազմաթիւ պատմական եւ մշակութային տուեալներով՝ հաստատելով, որ Յունաստանի հետ կապերը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Հայաստանի համար։

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ շատ բարձր կը գնահատէ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հայ-յունական միջպետական փոխ յարաբերութիւնները: Ան ըսաւ, որ պատմութեան մէջ կան բազմաթիւ դէպքեր, երբ հայ եւ յոյն ժողովուրդները միասնաբար պայքարած են օտար նուաճողներուն դէմ:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ կայացած դռնփակ նիստէն որոշ ժամանակ ետք, անոնց միացան իրենց պատուիրակութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-յունական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Զոյգ կողմերը դիտել տուին, որ երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան բարձր մակարդակին լաւագոյն ապացոյցն է երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան 2013 ծրագիրը:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին նախարար Տմիթրիս Աւրամոփուլոս յայտարարեց, որ այս այցելութեամբ Հայաստանն ու Յունաստանը սերտացուցին պաշտպանական ոլորտին մէջ առկայ համագործակցութիւնը՝ նոր էջ բացելով ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ: Ան հաստատեց, որ մեծ աշխատանք պիտի տարուի այլ բնագաւառներու մէջ եւս յարաբերութիւնները սերտացնել, որովհետեւ ներուժը կայ արդէն։
Նախարարը նշեց, որ այցելութեան առաջին նպատակը երկու երկիրներու պաշտպանական համակարգերու համարկումն է: «Մենք հաստատակամ ենք մեր ներդրումը կատարելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան յառաջ մղման համար: Այս ոգիով, այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին հետ մենք որոշեցինք մեր պաշտպանական յարաբերութիւններուն նոր թափ տալ», հաստատեց ան։ Ըստ Տմիթրիս Աւրամոփուլոսի, ասիկա նաեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղերձ է՝ ուղղուած մեր բոլոր դրացիներուն:  Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանը իրեն համար սուրբ հող է: Նախարարը հաստատեց, որ Յունաստան կը շարունակէ պահպանել լաւագոյն պաշտպանական համակարգերը, հակառակ տնտեսական ճգնաժամին:
Նախարար Սէյրան Օհանեան նշեց, որ երկկողմանի քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է համաշխարհային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցերուն: «Այսօր մենք քննարկումների ժամանակ եւս մէկ անգամ հաստատեցինք, որ 2013 թուականի համար մեր պլանաւորած բոլոր միջոցառումներն իրականացուել են եւ հիմք է ստեղծուել, որպէսզի 2014 թուականին մենք մեր յարաբերութիւններում նախանշենք զարգացում», յայտեց ան։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին համաձայն՝ երկու երկիրներն ալ ունին միեւնոյն մօտեցումները՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման հարցերուն մէջ: Օհանեան շնորհակալութիւն  յայտնեց յոյն գործընկերոջ՝ Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանումներու միջազգային փորձառութեան առաջին քայլերուն օժանդակելու համար:
Յունաստանի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղած Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ: