Նէօ Իրաքլիօ շրջանի կեդրոնական բանուկ պողոտային վրայ, Ուրբաթ կէսօրէ ետք, զինեալ յարձակում գործուեցաւ «Ոսկեայ Արշալոյս» խմբակցութեան անդամ երիտասարդներու դէմ:
Երկու հոգի տեղւոյն վրայ սպաննուեցան, մէկը ծանր վիրաւորուած վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Բազմաթիւ ականատեսները կը վկայեն թէ մոթոռսիքլեթի վրայ հեծած երկու դիմակաւոր անծանօթները պաղարիւնութեամբ մօտեցած են երիտասարդներուն եւ գլուխէն կրակած են անոնց:
Ոստիկանութիւնը եւ հակահաբեկչական սպասարկութիւնը զօրաշարժի ենթարկուած են յայտնաբերելու համար յանցագործները, այսուհանդերձ, ըստ երեւոյթին, անոնք մութի մէջ կը գտնուին ներկայիս:
Մեծ ծանրութիւն կը տրուի ականատեսներու վկայութիւններուն, որոնք դէմ յանդիման եկան ահաբեկիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու շրջագայութեան հսկող տեսախցիկներուն, ուր արձանագրուած է յարձակումը:
Ըստ նախնական գնահատականներուն, երկու ահաբեկիչները լաւապէս սերտած էին յարձակման բոլոր հնարաւորութիւնները եւ ճշգրտութեամբ իրագործեցին իւրաքանչիւր քայլ: Ոստիկանութիւնը յաւելեալ մտահոգութիւն կը յայտնէ, նշելով թէ պատահական չէր յարձակման պահը, քանի որ այն ժամուն ՏԻԱՍ ուժերու ոստիկաններու անձնակազմը՝ փոփոխութեան կ'ենթարկուէր: