Իր յաջող աւարտին հասաւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի Հայաստան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը: Յայտնենք, թէ հելլէն մամուլը անդրադարձաւ նախարարի այցելութեան մանրամասնութիւններուն, շեշտը դնելով հայ-յունական դարաւոր յարաբերութեանց զարգացման վրայ:
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար պատասխանատու անձերու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու 12անդամ պատուիրակութեան միացան Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանը։Մանրամասնելով նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հանդիպումներու եւ ընդհանրապէս այցելութեան պահերը, նշենք, թէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական դիմաւորման արարողութեան ընթացքին, յոյն նախարարը ընդունուեցաւ զինուորական պատուոյ պահակագունդին եւ շեփորախումբին կողմէ, որոնք ի պատիւ յոյն բարձրապաշտօն հիւրին նուագեցին հանրածանօթ «սիրթաքի» եղանակը, ինչպէս ըրած էին ամիս մը առաջ, երբ նոյն հիւրասէր ընդունելութեան կ'արժանանար Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտապի պետ Միխայիլ Գոսթարաքոս: Յաջորդած պաշտօնական հիւրասիրութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ զինուորական երգչախումբը, յունարէնով մեկնաբանելով երկու շատ ծանօթ յունական ռազմական երգեր՝ «Ի Էլատա փոթէ տեն փեթենի» եւ «Փերնայ օ սթրաթոս», խորապէս տպաւորելով եւ խանդավառելով յոյն նախարարը, որ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց պատասխանատուներուն, նոյնիսկ աւելցնելով՝ թէ իր փափաքն է հայկական զինուորական երգչախումբը ընդունիլ Աթէնքի մէջ, յարմար ու պատեհ առիթ նկատելով Յունաստանի բանակի օրուայ տօնական միջոցառումները:
Հայաստանի նախագահին հետ իր հանդիպման ընթացքին շեշտը դրուեցաւ պատմամշակութային ամուր հիմքի վրայ խարըսխուած հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւններուն, միշտ բարձր գնահատելով երկկողմանի համագործակցութիւնը քաղաքական, պաշտպանական, զինուորական, կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ:
Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին նկատել տրուեցաւ թէ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ աւանդականօրէն բարեկամ երկրին՝ Յունաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը եւ ընդլայնումը: Նալբանդեան ըսած է նաեւ, որ ջերմութեամբ կը յիշէ այս տարի Աթէնք կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը եւ հանդիպումը Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հետ, իբրեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար եւ գոհունակութեամբ նշած է, որ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները արդէն կեանքի կը կոչուին:
Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարները իրենց հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսած են երկու երկիրներու միջեւ ռազմական համագործակցութեան հարցերու մասին: Նախարար Աւրամոփուլոս ըսած է որ Հայաստան եւ Յունաստան կը սերտացնեն պաշտպանութեան մարզին մէջ առկայ համագործակցութիւնը՝ նոր էջ բանալով ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ: