«Կրակով խաղալու տրամադրութի՞ւն կայ Անգարայի մէջ»
հարց կուտայ յունական մամուլը

Յունական պաշտպանական համակարգի եւ յատկապէս օդային ուժերու «սիրտը» հանդիսացող Սքիրոս կղզիի շրջապատման դիմեց Թուրքիա, «Օրուք Ռէյս» ռազմանաւը ուղարկելով Եգէականի մէջ:

Ռազմանաւը լման շրջան մը կատարեց կղզիին շուրջ, ռատարները եւ ելեկտրոնային բոլոր սարքաւորումները բաց ունենալով եւ յունական կողմի հեռարձակումները քաղելով:

Defencenet յունական կայքէջը դիտել կուտայ թէ Սքիրոս կղզիի ընտրութիւնը թրքական հերթական գրգրութեան տուեալ դէպքին համար, միայն պատահական կարելի չէ համարել, նկատի առնելով թէ Եգէականի ռազմական համակարգի պաշտպանութեան համար առանցքային նշանակութիւն ունի կղզին, ուր նաեւ տեղակայուած են Փաթրիոթ տիպի հրթիռներ, MM-40 Exocet տիպի մերձափնեայ հրետանային սարքեր եւ այլ բազմազան ռազմական սարքաւորումներ:

Տեղւոյն վրայ գտնուող յունական «Քանարիս» ռազմանաւի առաջնորդը՝ ռատիոյի միջոցաւ զգուշացուց թուրք իր պաշտօնակիցին թէ խախտած է ծովային սահմանները եւ պէտք է անմիջապէս ետ քաշուի: Իր նախազգուշութիւնը անցաւ անպատասխան, այսուհանդերձ թրքական ռազմանաւը քիչ ետք հեռացաւ շրջանէն:

Անգարայի այս քայլը կատարուեցաւ Յունաստանի պաշտպանութեան փոխ նախարար Ա. Տավաքիսի յայտարարութենէն ետք, թէ Թուրքիա ռազմական մեծ ուժ տեղակայուած կը պահէ Էվրոսի սահմանամերձ շրջաններուն մօտ: