Անցնող շաբաթավերջին իրենց մահկանացուն կնքեցին յունահայութեան եւ Հայ Դատի երկու հարազատ բարեկամներ, մեծահամբաւ բեմադրիչ Նիքոս Ֆոսքոլոս եւ լրագրող-հրապարակախօս Եանիս Քալամիցիս

1976ին էր, երբ աննախընթաց ու ընդգծելի նախաձեռնութիւն մը առնուեցաւ օրուայ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ պատասխանատու մարմնոյ կողմէ, երբ որոշուեցաւ թատերական կարեւոր ներկայացման մը իրագործումը: Նպատակը յստակ էր՝ գեղարուեստական պարունակութեամբ եւ յոյն անուանի դերասաններու մասնակցութեամբ՝ հայկական քարոզչութիւն:

Անդուլ ջանք ի գործ դրուեցաւ եւ գործնական օժանդակութիւն ընձեռուեցաւ յոյն համբաւաւոր գրող-բեմադրիչ Նիքոս Ֆոսքոլոսի հետ համագործակցութիւն յաջողցնելու համար: Թատերական արուեստի մէջ մեծ հռչակ վայելող դերասաններ ընտրուեցան՝ Սմարուլա Եուլի, Խրիսթոս Փոլիթիս, Վասիլիս Տիամանտոփուլոս, Փեթրոս Ֆիսուն եւ Թիմիոս Քարաքացանիս, որոնց մասնակցութեամբ եւ Թանոս Լիվատիթիսի բեմադրութեամբ՝ բեմ բարձրացաւ «Արմենիքօ ֆեկարի» երաժշտական թատրերգութիւնը, ամառնային լման շրջան մը ներկայացուելով աթենական բեմերու վրայ:

Նիքոս Ֆոսքոլոս նոյն ժամանակ հեղինակն էր նաեւ հեռատեսիլի շատ ծանօթ սերիալի մը՝ «Աղնոսթոս փոլեմոս», որու հիմնական դերակատար Անկելոս Անտոնոփուլոս՝ զօրավար Վարդանիս անունը կը կրէր: Ինչպէս խոստովանած էր Նիքոս Ֆոսքոլոս, Վարդանիս անունը յօրինած էր, Տուրղութիի գաղթակայանին մէջ իր ծանօթ հայու մը անունէն (Վարդան) ներշնչուելով:

Հայ Դատի աշխատանքներու մեծ ջատագով մըն էր նաեւ Եանիս Քալամիցիս, որ լրագրական եւ հրապարակախօսական իր բոլոր գործունէութեան ընթացքին օգտակար հանդիսացաւ հայութեան, քարոզելով հայութեան արդար պահանջներու մասին: Ամէն առիթ օգտագործեց անդրադառնալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին, նոյնպէս հայ մշակոյթի հարցերու: 