Թրքական «Թի.24» կայքին համաձայն՝ Յունիս 20ին, Փարիզի Էլիզէի պալատին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ հանդիպած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։

Հակառակ անոր, որ որոշ ընտանիքներ վերադարձած են Քեսապ, բայց ան տակաւին կը մնայ անապահով. ազատագրուելէն ետք երկու անգամ հրթիռակոծուած է։ Այս մասին կը յայտնէ Քեսապի մեր աղբիւրները։

Երեք-չորս օրէ ի վեր քեսապահայ տղամարդիկ վերադարձած են Քեսապ՝ ստուգելու համար իրենց կալուածները: Պետական համապատասխան կառոյցները հիմնական աշխատանքները կը կատարեն ենթակառոյցներու՝ ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հեռաձայնի գիծերու վերանորոգման իմաստով: 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Գրոց սերտողութեան եզրափակիչ հանդիպումին եւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով. «Իր աւանդութիւններէն հեռացող ազգ մը կը հեռանայ իր ինքնութենէն»:

ԹԱՒՐԻԶ

ԲԱՑՈՒՄ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ

«Ֆուտպոլային դաշտահանդէս» ընդհանուր խորագիրը կրող բացման հանդիսութիւնը Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի պարտէզին, այս տարի տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ոգեւորութեան մթնոլորտի մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի: