Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Գրոց սերտողութեան եզրափակիչ հանդիպումին եւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով. «Իր աւանդութիւններէն հեռացող ազգ մը կը հեռանայ իր ինքնութենէն»:

Ան նախ բացատրեց աւանդութիւն բառը՝ ըսելով, թէ «աւանդութիւնը սովորութիւններու ամբողջութիւն մը չէ, եւ ոչ ալ մեր առօրեայ կեանքին մաս կազմող ընթացիկ երեւոյթ մը, բարք մը կամ կենցաղակերպ մը: Այս մօտեցումը աւանդութեան սխալ հասկացողութիւնն է: Աւանդութիւնը, իր հարազատ ըմբռնումով, արժէքներու ու իտէալներու ամբողջութիւն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Առաքեալը կոչ կ՛ուղղէ նորադարձ քրիստոնեաներուն, ըսելով՝ հաստատուն մնացէք եւ ամուր պահեցէք աւանդութիւնները (2 Թեսղ. 2. 15): Առաքեալը կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական հաւատքին առնչուած արժէքներուն ու բարոյական սկզբունքներու, որոնք կ՛երաշխաւորեն քրիստոնեային ինքնութիւնը»:
Ապա Արամ Ա. ըսաւ. «Քրիստոնէական ինքնութիւնը կ՛արտայայտուի զանազան մշակոյթներու ու ազգութիւններու ճամբով, ստանալով տուեալ մշակոյթին ու ազգին իւրայատկութիւնները: Այլ խօսքով՝ քրիստոնէական ու ազգային արժէքները, սկզբունքները ու իտէալները կը կազմեն ազգի մը իւրայատուկ աւանդութիւնները»:
Մեկնելով այս իրողութենէն՝ կաթողիկոսը յիշեցուց, թէ այս ընթացքը ստացած է նաեւ մեր ազգի ինքնութեան կազմաւորումը: Երբ առաքեալներու ճամբով քրիստոնէութիւնը թափան- ցեց մեր կեանքին մէջ, ան հետզհետէ ստացաւ ազգային նկարագիր: Քրիստոնէական ու ազգային աւանդութիւնները իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուելով՝ կազմաւորեցին մեր ինքնութիւնը, եւ այդ ինքնութենէն յառաջացան մեր աւանդութիւնները:
Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ ետք մեր ինքնութիւնը առողջ պահպանող աւանդութիւններու, սկզբունքներու ու իտէալներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը, լայնօրէն անդրադարձաւ այն երեք կառոյցներուն, որոնց ճամբով կարելի է մեր ազգին ինքնութիւնը կերտել ու պաշտպանել.-
ա.- Հայ ընտանիքը: «Մեր ժողովուրդին համար հայ ընտանիքը սրբազան կառոյց է. ան այր ու կնոջ միասին ապրիլը չէ, այլ՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու վրայ բարձրացած կառոյց մըն է հայ ընտանիքը: Հո՛ն է, որ մենք կը ստանանք մեր կրօնական, բարոյական ու ազգային դաստիարակութիւնը»: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը խստիւ դատապարտեց երկու երեւոյթներ, որոնք սկսած են վերածուիլ բնական ընթացքի մը՝ խառն ամուսնութիւն ու օտար դպրոցի ներկայութիւն հայ կեանքին մէջ:
բ.- Հայ եկեղեցին: «Մեր աւանդութիւններու պահպանման ու ինքնութեան կազմաւորման աղբիւրը ու միջնաբերդը հայ եկեղեցին եղած է ու կը մնայ: Հետեւաբար, հայապահպանման գծով կարեւոր դերակատարութեան է կոչուած մեր եկեղեցին: Ան իր այս կոչումը պէտք է աւելի շեշտէ մանաւանդ սփիւռքի ապահայացնող պայմաններուն մէջ», ըսաւ վեհափառը:
գ.- Հայ դպրոցը: Կաթողիկոսը յիշեցուց, որ «Հայ դպրոցը սովորական իմաստով գիտելիքներ չի փոխանցեր հայ աշակերտին, այլ՝ մեր քրիստոնէական հաւատքը, ազգային ոգին ու մեր բարոյական ու ազգային աւանդութիւնները: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր դըպրոցին առաքելութիւնը միշտ բնորոշուած է որպէս հայակերտում: Այս երեք կառոյցներու առողջ պահպանումով մեր աւանդութիւնները պիտի մնան առողջ ու անոնց ճամբով՝ մեր ինքնութիւնը»:
Վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը եզրափակեց վերաշեշտելով մեր աւանդութիւններուն ու ինքնութեան ամուր կառչելու հրամայականը ու այդ գծով հայ ծնողներուն դերը:
Յայտնենք, որ շուրջ 150 կիներ այս տարի մասնակից դարձան Սուրբ Գրոց սերտողութեան: