Երէկ Երկուշաբթի առաւօտեան մամուլին տարածուած հաղորդագրութեամբ մը Իսրայէլի բանակը յայտարարեց, թէ սուրիական ինն թիրախներու դէմ յարձակում գործած է:

Նախորդ օր արիւնալի դէպք մը տեղի ունեցած էր, երբ սուրիական կողմէ Կոլանի բարձրունքներուն վրայ քաղաքացիներ փոխադրող ինքնաշարժ մը թիրախ դարձած էր, 14 տարեկան արաբ-իսրայէլացի երիտասարդի մը սպանութեան պատճառ դառնալով: Իսրայէլեան զինուժի խօսնակ Փիթըր Լեռներ հաղորդեց, թէ «կանխամտածուած էր» ինքնաշարժին դէմ յարձակումը, առանց սակայն յստակացնելու թէ սուրիական ո՞ր ուժերուն կողմէ կատարուած էր հարուածը:

«Ուալահ» թերթը կը յայտնէ, որ մինչեւ հիմա Կոլանի մէջ կրակ բացող կողմին ինքնութիւնը յստակ չէ, սակայն կը խօսուի, որ կրակը բացուած է ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքէն, ինչ որ կը նուազեցնէ այն կարելիութիւնը, որ դէպքին ետին Հըզպալլան կամ սուրիական բանակը կանգնած է:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը նշեց, որ Կոլանի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, սակայն յառաջիկայ ժամերուն իսրայէլեան բանակին կողմէ յաւելեալ հակադարձութիւն մը չէ բացառուած: Կայանը սակայն ընդգծեց, որ իսրայէլեան բանակը սահմանին վրայ կացութիւնը շիկացնելու նպատակ չունի:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլ դէպքին շուրջ բողոք պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին՝ աւելցնելով, որ իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը կայքին յայտնած է. «Կը թուի, թէ Կոլանի մէջ պայթումը դիտաւորեալ արարքի մը արդիւնք է»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ դէպքին պատճառով սպաննուած իսրայէլացին Իսրայէլի ապահովութեան նախարարութեան պաշտօնեան էր եւ կը զբաղէր սահմանային ցանկապատին վրայ նորոգութիւններ կատարելով:

 

Հալէպի Մէջ Վիճակը Խաղաղ Է

Ջուրը արդէն ըմպելի է

Հալէպի, մասնաւորաբար Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է վերջին երկու օրերուն. պայթումներու, կրակոցներու աղմուկը նուազած է: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած է Հալէպէն նոյն թերթի աղբիւրը՝ աւելցնելով, որ անկէ առաջ՝ տասնեակ հրասանդեր ինկած էին հայաշատ Սեպիլ շրջանին մէջ:
Ջուրի եւ ելեկտրականութեան խնդիրներուն մասին աղբիւրը յայտնած է, որ ելեկտրականութիւնը կը շարունակուի ընդհատուիլ օրուան տարբեր ժամերու, ջուրի տագնապը լուծուելու ընթացքի մէջ է. այս առումով հարց ունին բարձր շէնքերու վերի յարկերու բնակիչները, որոնց ջուր չի հասնիր։ Մարդիկ այժմ ջուր կը կուտակեն՝ վախնալով, որ տագնապը կը կրկնուի։
Բարեբախտաբար, իշխանութիւնները արդէն յայտարարած են, որ ջուրը արդէն ըմպելի է, եւ քաղաքացիները կրնան օգտագործել զայն: