Սուրիական կառավարական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ ռուսական մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող օդանաւ մը ժամանած է Լաթաքիա։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, մարդասիրական օժանդակութեան մաս կը կազմեն ուտեստեղէն, դեղորայք եւ վերմակներ։ Նշենք, որ Քեսապի տեղահանման օրերուն ռուսական երկու օդանաւեր նմանատիպ օժանդակութիւն փոխադրած էին Լաթաքիոյ օդակայան։