ԹԱՒՐԻԶ

ԲԱՑՈՒՄ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ

«Ֆուտպոլային դաշտահանդէս» ընդհանուր խորագիրը կրող բացման հանդիսութիւնը Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի պարտէզին, այս տարի տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ոգեւորութեան մթնոլորտի մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի:

Ամրան եղանակի համար բացուած յայտարարուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի կանաչազարդ շրջափակը, ամբողջ երեք ամիսներու համար: Ֆուտպոլի աշխարհի ախոյեանութեան օրերուն զուգադիպած բացման թուականը միաւորեց ֆութպոլասէր երիտասարդութիւնը, ինչպէս եւ ծնողներ ու երեխաներ:
Պաշտօնական բացման երեկոյի կազմակերպիչները մասնաւոր աշխատանքով յաջողեցուցած էին տարբեր տարիքի ներկաներուն ճաշակը գոհացնող զբօսանքներ, խաղեր ու զուարճալիքներ ստեղծել: Ուշագրաւ էին մանաւանդ ֆուտպոլի մրցումներուն առնչուող խաղատեսակները կամ հարցաթերթիկներն ու անոնց հետեւող վիճակահանութիւն- ները, որոնք յատկապէս հետաքրքրեցին երիտասարդութիւնը: Մասնաւոր անկիւն յատկացուած էր նաեւ արուեստի, քաջալերելով մասնաւորապէս մանուկները, նկարելու իրենց ուզած պատկերները:

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ

ՓԱՐԱՋԱՆՈՎԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Յունիս 17-ին Նիւ-Եորքի «Gilbert Albert» պատկերասըրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սերգէյ Փարաջանովի գործերու ցուցահանդէսին՝ «Արարիչ» խորագրով: Այս մասին Panorama.am-ին տեղեկացուցած են Փարաջանովի թանգարանէն:
Նիւ-եորքեան պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուին արուեստագէտին աւելի քան 30 ստեղծագործութիւններ՝ գոլաժներ, գլխարկներ, տիկնիկներ:
Բոլոր գործերն ալ Երեւանէն տարուած են: Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Յուլիս 10:
Նշենք, որ այս տարի կը նշուի Ի. դարու շարժանկարի մեծագոյն հայ բեմադիր, Հայաստանի եւ Ուքրանիայի ժողովրդական արտիստ Ս. Փարաջանովի ծննդեան 90ամեակը:

 

ՊՈԼԻՍ

Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին Տարածքը Ետ Խլելու Փորձ

Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդին որոշումով, Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկին յանձնուած տարածքը ետ խլելու գործընթաց մը սկսած է Զէյթինպուրնուի թաղապետարանին կողմէ:
Ըստ «Ակօս» թերթին՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներէն բաղկացած նշեալ թաղապետական խորհուրդը դիմած է դատարան՝ տարածքը վերադարձնելու պահանջով:
Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդը, 2013ի Հոկտեմբեր 7ի եւ Նոյեմբեր 25ի ժողովներուն ընթացքին կայացած քննարկումներէն ետք, այս տարուան Յունուար 22ին, պաշտօնապէս Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկին յանձնած էր հիւանդանոցի շէնքին դիմաց գտնուող 42,259 քառակուսի մեթր տարածքը, որ 1974ին խլուած էր անկէ:
«Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ հանդիսութիւններով նշուած է Համբարձման տօնն ու հիւանդանոցի հիմնադրութեան 182ամեակը: Ս. Փրկիչ մատրան մէջ տեղի ունեցած է երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նախագահած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան։ Այնուհետեւ, ինչպէս նախորդ տարիներուն, «Պիլեք» հանգստարանի յարակից պարտէզին մէջ, հսկայ վրաններու տակ սարքուած է 182ամեայ տարեդարձի սիրոյ սեղանը, նախագահութեամբ Արամ սրբազանին:
Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ըսած է, թէ հիւանդանոցը մրցունակ է երկրէն ներս ու կը գտնուի լաւագոյններու շարքին: