Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ կը շարունակուի սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն ցուցաբերուող ընկերային աջակցութիւնը:

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Սահմանային պահպանութեան եւրոպական գործակալութեան՝ «Ֆրոնթեքս»ի, տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ Եւրոպական Միութեան մէջ գաղթականներու թիւը 2013ին սուր աճ արձանագրած է:

Յունիս 24-ին Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց պատմութեան եւ Հայոց Մեծ Եղեռնի նիւթով շարադրութեան մրցոյթ:

Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Թիպիլով յայտնած է, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ չճանչցուած Հարաւային Օսեթիան ճանչցած է արդիւնքը ինքնահռչակ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան հանրաքուէին, որ կայացած էր Մայիսին:

Ուքրաինայի նախագահ Փետրօ Փորոշենքօ Յունիս 19ին յայտարարած է, որ Յունիս 27ին Պրիւսէլի մէջ կը ստորագրուի Գործընկերութեան պայմանագիրը Եւրոպական Միութեան հետ: