Համաս շարժումի ղեկավարներէն Իսմայիլ Հանիյէ, անդրադառնալով շարժումէն երեք ղեկավարներու սպանութեան, ըսաւ, որ ղեկավարներու ահաբեկումով շարժումը աւելի ուժեղ ու տոկուն կը դառնայ՝ նշելով, որ բռնագրաւողին հետ ճակատամարտը երկար է: «Պաղեստինցի ժողովուրդը Կազայի շրջափակման վերջնական ջնջումէն ու յարձակումի կասեցումէն նուազ պայմաններ պիտի չընդունի»

Իսրայէլեան բանակը երէկ 47-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումը՝ հարուածելով Խան Եունեսը, Նասր շրջանը, Ռաֆահի մէջ Թել Սուլթան շրջանը, Նուսէյրաթ գաղթակայանը եւ Ռաֆահի ծովեզերեայ շրջանը: Նշենք, որ անցեալ շաբաթավերջին զոհերուն թիւը բարձրացած էր 2087-ի:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Հինգշաբթի օր Կազայէն Իսրայէլի դէմ 109 հրթիռներ արձակուած են: Պաղեստինցիք երէկ ռմբակոծեցին Աստոտ, Պիր Սապահ եւ Աշքելոն բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ դարձեալ հրթիռակոծեցին Պեն Կուրիոն օդակայանը: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց ու ռմբակոծեց իսրայէլեան զինուորական դիրքեր:
Նշենք, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը ձերբակալեց եօթը գործակալներ եւ հրապարակաւ մահապատիժի ենթարկեց երեք այլ գործակալներ: