ԼՈՆՏՈՆ
Չորրորդ հայկական փառատօն
Կիրակի՝ Օգոստոս 3-ին, Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ չորրորդ ամէնամեայ հայկական փառատօնը: Քենսինկթըն թաղամասի Իվերնա այգիներ փողոցը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի, ուր հայկական ժողովրդական երգն ու շուրջպարը համախմբած էին հայեր՝ Միացեալ Թագաւորութեան բոլոր անկիւններէն:
Փառատօնի պաշտօնական բացումը ազդարարեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցու՝ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանն ու Քենսինկթըն եւ Չելսի արքայական թաղամասի ղեկավար Մէյգրիդ Քոնդոն-Սիմմոնդսը՝ կտրելով կարմիր ժապաւէնը: Փառատօնին ներկայ էին նաեւ բրիտանացի խորհրդարանականներ: Մինչեւ փառատօնի մեկնարկը մասնակիցները թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոսի առաջարկով մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին վերջին օրերուն ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին զոհուած հայ զինուորներու յիշատակը:
Փառատօնը սկսաւ «Անդաստան» կոչուող եկեղեցական ծէսով՝ երկրի չորս կողմերու օրհնութեամբ: Այս տարի փառատօնի սպասուած հիւրն էր
Հայաստանէն ժամանած ժողովրդական երգիչ Արսէն Գրիգորեանը, որ ալ աւելի ոգեւորեց բրիտանահայերը՝ մեկնաբանելով հայկական սիրուած երգեր:
Հայկական փառատօնը կարելի չէր կայանալ առանց հայկական աւանդական խոհանոցի: Մասնակիցները համտեսեցին խորոված, բազմազան ուտեստներ եւ թխուածքներ՝ պատրաստուած ե՛ւ հանրայայտ, ե՛ւ ընտանեկան իւրայատուկ բաղադրատոմսերով:
Փառատօնի ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն վայելեց հայկական տօնավաճառը, որուն կը մասնակցէին բրիտանահայ կրթական ու մշակութային կազմակերպութիւններ, անհատ ձեռներէցներ:
Այս տարուայ անակնկալներէն էր այն, որ փառատօնի աւարտին ուղիղ կապ հաստատուեցաւ Պուխարեստի հայ համայնքի հետ, որը նոյն օրը կազմակերպած էր հայկական փառատօն Ռումանիայի մայրաքաղաքը: Երկու երկիրներու հայ համայնքները մեծ պաստառներու միջոցով ողջունեցին միմեանց եւ միաժամանակ շուրջպար բռնեցին:
Համայնքներու պալատի ներկայացուցիչ Ստիվէն Փաունդն ըսաւ, որ այս փառատօնը Լոնտոնի կեանքին մէջ կþաւելցնէ գոյն ու բազմազանութիւն, իսկ Քենսինկթըն թաղամասի ղեկավար Մէյգրիդ Քոնդոն-Սիմմոնդսը նշեց, որ հայերը Բրիտանիայի մէջ միշտ շատ լաւ համբաւ ունեցած են: Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ կը փորձէ հայերէն սորվիլ:
Փառատոնի գլխաւոր նախաձեռնող Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը նշեց, որ չորս տարի առաջ, երբ ծնաւ փառատօնի գաղափարը, ինքը ամէնեւին վստահ չէր, թէ ինչ արդիւնք կþունենար: Սակայն տարեց տարի ապացուցուեցաւ, որ փառատօնը հէնց այն իրադարձութիւնն է, որուն բրիտանահայերը անհամբերութեամբ կը սպասեն եւ երկրի տարբեր ծայրերէ կը հաւաքուին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շուրջ:
* * *
Հայերը հաստատուած են Միացեալ Թագաւորութեան մէջ՝ Մանչեստր, 19-րդ դար: 1860թ. Մանչեստր կառուցուած է առաջին հայկական եկեղեցին՝ դառնալով առաջինը Եւրոպայի եւ Արեւմտեան կիսագունդին մէջ: Լոնտոնի մէջ առաջին հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1923 թ.: Այսօր Լոնտոնի մէջ գոյութիւն ունի երկու հայկական եկեղեցի՝ տեղակայուած Քենսինկթըն եւ Չելսի արքայական թաղամասերուն մէջ: Միացեալ Թագաւորութեան մէջ կը բնակի մօտ 30.000 հայ, որոնք հիմնաւորապէս կեդրոնացած են Լոնտոնի եւ Մանչեստրի մէջ: Հայ եկեղեցւոյ՝ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի թեմի առաջնորդարանը ունի եկեղեցական ծուխեր Լոնտոնի, Մանչեստրի, Բըրմինգեմի, Քարտիֆի, Տուբլինի եւ Օքսֆորտի մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆ
Վաստակաշատ Գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեան Արժանացաւ
Համազգայինի Շքանշանին
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպութեամբ բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեանի ցուցահանդէսին՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան անդրադարձաւ Ռոզվարդ Սիսեռեանի՝ իբրեւ մանկավարժի, արուեստագէտներու դաստիարակութեան գործին, եւ մանաւանդ «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի հիմնադրման եւ հետագայ զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծ դեր ունենալուն: Սիսեռեանի գեղանկարները իրենց իւրայատուկ որակն ու փայլքը ունին լիբանանահայ արուեստին մէջ:
Խօսք առաւ «Ալպա» համալսարանի կերպարուեստի բաժանմունքի տնօրէն Նիքոլ Հարֆուշը: Ան յիշեց արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի անցած ճանապարհը, ապա արժէքը ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի եւ այլուր:
Ցուցահանդէսին իր խօսքը փոխանցեց նաեւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նկատել տուաւ, թէ վերջին հինգ տարիներուն Ռոզվարդ Սիսեռեանը արդէն մնայուն ներկայութիւն մըն է ցուցասրահի գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ:
Հաւաթեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց գեղանկարիչին՝ գնահատելով անոր բազմամեայ ներդրումը գաղութի զարգացման եւ վերելքին եւ յատկապէս Համազգայինի ցուցասրահի յառաջընթացի գործին մէջ, ապա հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մկրտիչ Եափուճեանը, որպէսզի Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրէ գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեանը:
ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Սերգէյ Սմբատեան ու Երիտասարդական նուագախումբը
կը տարածեն հայկական արուեստը
Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը հանդէս կուգայ ասիական հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթներէն մէկուն՝ որպէս իրադարձութեան պաշտօնական նուագախումբ: Օգոստոս 11-18-ը ՀՊԵՆ-ը ելոյթ կþունենայ Չինաստանի Ֆոշան քաղաքին մէջ՝ Ֆրեդերիկ Շոփենի անուան երիտասարդ դաշնակահարներու միջազգային 9-րդ մրցոյթի եզրափակիչ փուլ անցած մասնակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ հանդէս կուգայ մրցոյթի կալա-համերգին: Բացի այդ, նուագախումբը կþունենայ առանձին համերգներ:
ՀՊԵՆ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր դիրիժոր Սերգէյ Սմբատեանը կարեւոր կը նկատէ հեղինակաւոր մրցոյթին երիտասարդական նուագախումբի մասնակցութիւնը:
Սմբատեանի համոզմամբ, Չինաստանը կայացած երկիր է, ունի կայուն երաժշտական շուկայ, եւ նուագախումբի մասնակցութիւնը այդ մրցոյթին չափազանց կարեւոր է: «Բոլոր մասնակիցները կþիմանան Հայաստանի արուեստի մասին»:
ՓԱՍԱՏԻՆԱ
Հայ Դատի Սաթամեանական Ծիծաղի Երեկոն Յաջողութեամբ Կը Պսակուի
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը շրջանի Հայ կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր ծիծաղի երեկոյ մը՝ մասնակցութեամբ յայտնի կատակաբան եւ դերասան Գրիգոր Սաթամեանի։
Ամբողջութեամբ լեցուն սրահի մը մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մասնակիցները վայելած են Սաթամեանի իւրայատուկ մե-նակատարութիւնը, որ լիաթոք խնդուք պատճառած է։
Ծիծաղի երեկոյին բացումը կատարած է Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եփրեմեանը։ Ան բեմ հրաւիրած է Արա Տապանճեանն ու անոր «Էլեմընթ» նուա-գախումբը, որոնք հրամցուցած են գեղեցիկ երգերու փունջ մը։
Երեկոյի գլխաւոր աստղը՝ կատակաբան Գրիգոր Սաթամեանը, զուարճութեան պահեր պարգեւած է ներկաներուն: