Հարաւարեւելեան Ուքրանիոյ Զափորիցիէ քաղաքին մէջ տեղակայուած աթոմակայանէն ներս արկած մը տեղի ունեցած է, ինչպէս յայտնեց վարչապետ Արսենի Եաչենիուք:

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հաւաքուած աւելի քան 300 տիկիններու իր Հայրապետական պատգամը ուղղելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ 2015 թուականի եզակի կարեւորութեան մեր ժողովուրդին համար։

Պէյլըր համալսարանի մէջ պատմութեան ականաւոր փրոֆեսէօր, «The Great and Holy War: How World War I Became a Religious Crusade» գիրքի հեղինակ Ֆիլիփ Ճենքինզ «Ալիթէա» կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Ռաֆայէլ Լեմքին նշած է, որ հայերուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան նման ջարդերու դէմ պայքարելու միջազգային կառոյցներու բացակայութեան լոյսին տակ՝ անոնց զոհերը ստիպուած էին իրենց ձեռքով արդարութիւն հաստատելու։

Պոլիվիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող, յանցագործութիւնը դատապարտող եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը:

Ծերակոյտի նախագահ Սոնիա Կուարտիա Մելկար «Փրենսա Արմենիա» հայկական լրատուամիջոցին ըսած

Հռոմի Ֆրանսիս պապը Թուրքիայէն հեռանալէ ետք օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ցանկութիւն  յայտնած է հայ-թրքական սահմանի բացման վերաբերեալ:

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ըստ թրքական «Միլլիէթ» պարբերականին: