Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանի ստեղծման առաջին քայլերը առնուած են 1915-ի Օգոստոսին, Ժընեւի մէջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշումով։ Հիմնադիր տնօրէնը եղած է Արտաշէս Վանարեան (Հացագործեան, 1890-1930)։

1930-ական թուականներու սկիզբը թանգարանը Ժընեւէն կը փոխադրուի Փարիզ, ուր կը գործէ մինչեւ 2006, ապա կը փոխադրուի Երեւան եւ 2007-ի Յուլիս 6-ին կը բացուի թանգարանի առաջին ցուցասրահը, նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հանդիպում ունեցանք թանգարանի տնօրէնուհի Անուշ Ամսեյանի հետ։ Ան սիրով պատասխանեց մեր հարցումներուն.

Ընդհանրապէս ի՞նչ իրեր կը ցուցադրուին թանգարանին մէջ։

Թէեւ մենք հարուստ նիւթեր ունինք Դաշնակցութեան պատմութեան մասին, հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը, սակայն այս մէկ սրահին մէջ այդ բոլորը ցուցադրել անհնար է։ Այդ իսկ պատճառով նախընտրեցինք Ա. Հանրապետութեան նիւթը, մանաւանդ որ այն օրերուն՝ 2008-ին մեր պետականութեան վերականգնման 90-րդ տարեդարձը պիտի նշէինք։ Մենք ընտրեցինք այս նիւթը որպէսզի մեր ժողովուրդին ներկայացնենք այդ օրերու իսկական պատմութիւնը, որովհետեւ պատմութեան այդ շրջանի մասին անցեալին մեզի ճշմարտութիւնը չէր ըսուեր։ Այսօր գիտական շրջանակները կը գրեն եւ կը խօսին այդ մասին, սակայն դեռ շատ ընելիք ունինք։ Շատերը դեռ տեղեակ չեն, ոմանք ալ չեն ուզեր հրաժարիլ նախկին մտայնութենէն։

Թանգարան այցելողը շատ բան կը սորվի այդ ժամանակաշրջանի մասին, թէ ինչպէս է որ անոնք կրցան դնել հիմքը մեր գոյութեան, մեր պետականութիւնը վերականգնելով հայոց հողի վրայ։ Կիլիկեան թագաւորութենէն ետք մենք գրեթէ 600 տարի պետութիւն չենք ունեցած, իսկ մայր հողին վրայ՝ 900 տարի։

Նոր սերունդը կ՚այցելէ՞ թանգարան։

Կ՚աշխատինք դպրոցներու հետ կապ պահպանել, որպէսզի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող դասը այստեղ անցընեն եւ իրենց գիտելիքները ամբողջացնեն, որովհետեւ դասագրքերու մէջ շատ քիչ բան գրուած է այդ օրերու մասին։ Նոյնիսկ ուսուցիչները այստեղ շատ բան կը սորվին։

Միւս թանգարաններուն հետ կը գործակցի՞ք ։

Այո, օրինակ՝ Սարդարապատի Ազգագրական Թանգարանին հետ, երբ կը նշուէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 90-ամեակը (Արամ Մանուկեանի վերաբերող ցուցանմուշներով), ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանին եւ Սիմոն Զաւարեանին նուիրուած՝ Հայաստանի Ազգային Արխիւի կազմակերպած ցուցադրութիւններուն։ Հայաստանի Թանգարաններու Ընկերակցութեան անդամ ենք։ Արդէն կը մասնակցինք «Թանգարաններու Գիշեր» միջազգային ձեռնարկին, մշակոյթի նախարարութեան յայտագրին մէջ մենք ալ կ՚ընդգրկուինք։

Այս տարի միջազգային կեդրոնին կողմէ առաջարկուած էր անդրադառնալ Ա. Աշխարհամարտին։ Իսկ մենք առատ նիւթ ունինք այդ մասին։ Կովկասեան ռազմաճակատի վրայ ռուս-թրքական բախումներուն հայ կամաւորական խումբերը մեծ դեր խաղացին։ Միաժամանակ ռուսական կանոնաւոր բանակին մէջ կը կռուէին տասնեակ հազարաւոր հայեր։ Արեւմտեան ճակատին վրայ եւս, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի բանակներուն մէջ շատ հայեր կային, իսկ Արարայի ճակատամարտին յաղթանակած Արեւելեան Լեգէոնի գերակշռող մասը հայեր էին։

Նոր իրեր կը ստանա՞յ թանգարանը։

Նիւթերու հարստացումը մնայուն ընթացքի մէջ է։ Մարդիկ երբ կը տեսնեն կատարուած աշխատանքը, վստահութիւն ձեռք կը բերեն եւ ինքնաբուխ կերպով կը նուիրեն իրենց ունեցած իրերը։ Օրինակ՝ մենք վերջերս ստացանք Վանի 1915-ի ինքնապաշտպանութեան երկու քարտէսներ, որոնց հեղինակը ինքնապաշտպանութեան մասնակից վանեցի Մարտիրոս Խերանեանն է։ Ան ականատեսի հաւաստի ճշգրտութեամբ գծած է քաղաքի քարտէսն ու նշած մարտական դիրքերը։ Երբ առանձին շէնք ունենանք եւ յաւելեալ սրահներու կարելիութիւն, ինչպէս բոլոր նիւթերուն, Վանի պաշտպանութեան եւս կը յատկացուի համապատասխան սրահ։

Կոչ կ՚ուղղենք բոլորին, որ եթէ արխիւային եւ թանգարանային իրեր ունին, անոնց լաւագոյն եւ ապահով տեղը մեր թանգարանն է, ձե՛ր թանգարանը։

Գ. Դ.