Ուրբաթ առաւօտեան` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 8:00-ին, աւարտած է ,Հայաստանե համահայկական հիմնադրամի 17-րդ պատկերասփիւռային հանգանակութիւնը` "Թելեթոն 2014"-ը, որուն ընթացքին արձանագրուած է 12 միլիոն 399 հազար 500 տոլար նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում:

Յիշեցնենք, որ հանգանակութեան ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի ամբողջական կառուցման: Յատկանշական է, որ այս անգամ ե՛ւ պատկերասփիւռային հանգանակութեան ամերիկահայ կողմի հաղորդավարներուն, ե՛ւ աշխուժ նուիրատուներուն կողմէ, իբրեւ աշխուժ մասնակցութեան հրաւէր-կոչ, յաճախ կ՛ակնարկէին, որ ,Հայաստանե հիմնադրամին նուիրաբերուած ամբողջ գումարի տնօրինման եւ ծրագիրներու իրականացման հետ Հայաստանի կառավարութիւնը կապ չունի, եւ բոլոր ծախսերը կը տնօրինուին եւ կը վերահսկուին հիմնադրամի գործադիր մարմինին եւ հոգաբարձուներուն կողմէ: