Փաքիստանի իշխանութիւնները յայտարարած են թէ երէկ առաւօտեան Փեշաւարի դպրոցի մը դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով 104 մարդ զոհուեցաւ, որոնց կարգին՝ 84 երեխայ:

Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած է ճաշկերոյթ, շուրջ 400 ազգայիններու մասնակցութեամբ: Ընթրիքը առիթ հանդիսացաւ՝ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնախմբելու Ապու Տապիի համայնքին այս եզակի իրագործումը։

Անցնող շաբաթավերջը եզակի օր մը եղաւ ընդհանրապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու յատկապէս Ապու Տապիի հայ համայնքին համար։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կայք հաստատած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւաքական հաւատքին, սիրոյն ու կամքին գործնական արտայայտութիւնն է։

Հիւսիսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար հատուածին մէջ հայերէնը եւս ճանչցուած է պաշտօնական լեզու: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Rudaw.net կայքը:

Մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը սպանական «Վեկա Մետիա Փրես» լրատուամիջոցի հայկական բաժինը՝ սպանախօս երկիրներուն պիտի ներկայացնէ քանի մը տասնեակ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, յօդուածներ Մեծ եղեռնին վերաբերեալ: