Հարաւարեւելեան Ուքրանիոյ Զափորիցիէ քաղաքին մէջ տեղակայուած աթոմակայանէն ներս արկած մը տեղի ունեցած է, ինչպէս յայտնեց վարչապետ Արսենի Եաչենիուք:

Ուքրանիոյ կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարեց ուժանիւթի նախարարին մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս գալ, արկածի մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ հանրութեան հաղորդելու համար:
Պատահարի բնոյթի կամ հետեւանքներու մասին առայժմ գնահատումներ չկան:
Ըստ Ինթերֆաքս մամլոյ գործակալութեան հաղորդումին, արկածը պատահած է 1000 մեկավաթ երրորդ ռէակտորին մէջ, իսկ որ լուրջ խանգարումի ենթարկեց ուժանիւթի արտադրութեան չափանիշը երկրի տարածքին: