Ռոպեր Կետիկեանի «Քիլիմանճարոյի ձիւները» շարժանըկարը տիրացաւ 2011-ի շարժանկարի ԼԻՒՔՍ մրցանակին: Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ժերզի Պիւզեք Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին մրցանակը յանձնեց շարժանկարի ֆրանսացի արտադրիչին:

Շարժանկարը հարցականի տակ կ՛առնէ այսօրուան ընկերութիւններուն մէջ տիրող անարդարութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ ընկերութեանց քաղաքական տագնապներն ու աշխատաւորական համադաշնակցութեանց տագնապները, եւ կոչ կ՛ուղղէ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու: