Հարաւային Օսէթիոյ մէջ իրավիճակը հետզհետէ  աւելի կը սրի: Հանրապետութեան Գերագոյն դատարանի կողմէ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը չեղեալ համարուեցաւ, ինչ որ դժգոհութեան լուրջ ալիք յառաջացուց ընդդիմութեան մօտ: Յաղթական դուրս եկած ընդդիմադիր թեկնածու Ալլա Ջիոեւան  զրկուեցաւ ընտրութիւններուն մասնակցելու իր իրաւունքէն:

Կիպրոսի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին համաժողովին առաջին   օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս երկրորդ շրջանի մը համար վերընտրուեցաւ նոյն խորհուրդի նախագահ՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտա նիքը  ներկայացնող:

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի, 27 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Կիպրոս, նախագահելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին:

Թուրքիոյ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը մշակող յանձնաժողովը պիտի որոշէ ազգային փոքրամասնութիւններուն ցուցակը, որոնք նոյնպէս պիտի ներգրաւուին նախագիծի մշակման աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ “Hurriyet Daily News”։

Նոյեմբեր 27-28ին ատրպէյճանցի հաքըրներ  յարձակում գործած են աւելի քան  100 կայքերու դէմ: Անոնց մէկ մասը դեռ չէ վերականգնուած:
Տեղեկատուական անվտանգութեան մասնագէտ Սամվէլ Մարտիրոսեանի խօսքով՝ յարձակումի ենթարկուած կայքերու լրիւ ցանկը չէ յստակացած, սակայն յայտնի դարձած է թէ անոնք մէկ կեդրոնական «սերվըրի» կը պատկանէին: