Ծիսագէտներու միջազգային ընկերակցութեան չորրորդ  համագումարը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ Լիբանանի Լուէյզէ համալսարանին մէջ:

Համագումարին մասնակցեցան շուրջ 50 ծիսագէտներ ու համալսարանի  դասախօսներ՝ Յունաստանէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Շուէտէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն, Աւստրիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն եւ Հնդկաստանէն:
Համագումարի ընթացքին ներկայացուեցան մասնագիտական դասախօսութիւններ՝ յատկապէս արեւելեան ծէսին առնչուող նիւթերու մասին: Այս ծիրին մէջ յատուկ տեղ տրուած էր հայ եկեղեցւոյ ծէսին հետ աղերս ունեցող կարգ մը նիւթերու: Համագումարի դասախօսներէն մէկն էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Փիթըր Քաուի:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի Մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան: