Կազմակերպութեամբ Մշակութային յանձնախումբին, Պոլսահայ համայնքը Ուրբաթ, 20 Յուլիսին,Պոլսահայ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ ընդունելութիւն մը սարքեց՝ հիւրասիրելու համար Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխ խմբագրապետուհի Մաքրուհի

Կարելի՞ է Նոպելեան մրցանակի արժանացած գրական ստեղծագործութիւններու վերահրատարակմամբ նպաստել գրքասիրութեան: Գրող եւ թարգմանիչ Ռուբէն Յովսէփեանը լաւատես է ու կը կարծէ, որ հնարաւոր է: Վերջերս կրկին լոյս տեսաւ Կապրիէլ Կարսիա Մարքեսի «Հարիւր տարուայ մենութիւն»  եւ «Նահապետի աշունը» գիրքերու թարգմանութիւնը, Ռուբէն Յովսէփեանի կողմէ:

17 ամիսներէ ի վեր Սուրիոյ մէջ կը շարու- նակուի պայթուցիկ քաղաքական իրավիճակը, ամէնօրեայ յարձակումներով եւ կառավարական ուժերու ու ընդդիմադիրներու միջեւ բռնութեան դէպքերով: 200.000 մարդ ձգած է Հալէպը ու ապաստան գտած այլ վայրերու մէջ: Մինչ այդ, տարբեր տեսակի պատերազմ մըն ալ կը շարունակուի միջազգային մամլոյ էջերէն ներս:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պետի նախկին տեղակալ Տենկիր Միր Մեհմետ Ֆրաթ, «Ռատիքալ»ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը մէջ ցնցիչ արտայայտութիւններ ունեցած է քրտական հարցին մասին ու պնդած, թէ քիւրտերու ձուլումը կը շարունակուի այս երկրին մէջ։
«Այսօր դպրոցներու մէջ քրտերէնը ընդունուեցաւ իբրեւ ընտրովի լեզու, քիւրտերու պահանջներուն կարեւոր մէկ տոկոսը ընդունուեցաւ կառավարութեան

Ըստ Սուրիոյ հեռատեսիլի փոխանցած լուրերուն, երկրի վարչապետ Ռիյատ Հիճապ  դադրած է իր պաշտօնէն: Զինք փոխարինած է Օմար Կալաուանճի, որ նախապէս վարած է կառավարութեան փոխ նախագահի պաշտօնը: