Ըստ Սուրիոյ հեռատեսիլի փոխանցած լուրերուն, երկրի վարչապետ Ռիյատ Հիճապ դադրած է իր պաշտօնէն: Զինք փոխարինած է Օմար Կալաուանճի, որ նախապէս վարած է կառավարութեան փոխ նախագահի պաշտօնը:
Ըստ տեղեկութիւններու՝ պաշտօնանկ վարչապետը փախուստ տուած է դէպի Յորդանան:
Յունական մամուլը Ասատի վարչակարգին դէմ առաջին լուրջ հարուածը կը նկատէ այս դէպքը: