Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պետի նախկին տեղակալ Տենկիր Միր Մեհմետ Ֆրաթ, «Ռատիքալ»ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը մէջ ցնցիչ արտայայտութիւններ ունեցած է քրտական հարցին մասին ու պնդած, թէ քիւրտերու ձուլումը կը շարունակուի այս երկրին մէջ։
«Այսօր դպրոցներու մէջ քրտերէնը ընդունուեցաւ իբրեւ ընտրովի լեզու, քիւրտերու պահանջներուն կարեւոր մէկ տոկոսը ընդունուեցաւ կառավարութեան

կողմէ, կառավարութիւնը վերջ տուաւ  քրտերէնի նկատմամբ ժխտողական իր քաղաքականութեան, բայց հակառակ այս բոլորին՝ ձուլումը կը շարունակուի։ Քիւրտերուն նկատմամբ մշակութային ցեղասպանութիւն կը գործադրուի։ Ժխտողականութիւնը սկսած էր իթթիհատականներով եւ շարունակուած էր քեմալականութեամբ, որոնք այժմ սնանկացած ու տեղական տեսակէտներ են, բայց շատեր տակաւին այս տետրակները բանալ կ՛աշխատին», կ՛ըսէ ան։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Մարմարա», ան կը գնահատէ քիւրտ երեսփոխան Լէյլա Զանայի խիզախ կեցուածքը՝ Էրտողանի հետ կատարուած տեսակցութեան կապակցութեամբ, ապա կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ մէջ երկու հիմնական խնդիրներ կան. մէկը՝ քրտական հարցն է, իսկ միւսը՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հարցը, ու կ՛աւելցնէ, թէ երկրորդ հարցը «լուծելով»՝ պիտի չլուծուի քրտական հարցը։