Չորեքշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2012-ի գիշեր, վեհարանի իր գրասենակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ատենապետ Հրանդ Մարգարեանին:

Հալէպի հայաշատ եւ քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռեյիսեանը,  աւելցնելով, որ որոշ թաղամասերու մէջ կը շարունակուին  բախումները:

Լոս Անճելըսի մէջ տրուեցաւ այս տարուայ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնի  մեկնարկը՝ «Մեր Գիւղը» լոզունգը կրող խորհրդանիշի (logo-ի) բացումով:

ՀՅԴ-ՀՕՄ-ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-Ի ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մօտ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են համահայկական հոգեւոր եւ աշխարհիկ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հայաստանի Կառավարութիւնը «Մխիթար Գոշ»
Շքանշանով Պատուեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրամանագիրով Սեպտեմբեր 18-ին, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Սան Անտէրս համալսարանի Միջազգային յարաբերութեան դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան  արժանացաւ Հայաստանի կառավարութեան «Մխիթար Գոշ» շքանշանին: