Հալէպի մեր աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ երէկ՝ 29 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7։30ի Պէյրութէն Հալէպ  ուղղուող, «Զէյթունի Թուրս» ընկերութեան հանրակառքը,

երեկոյեան ժամը 6։00ի մօտերը, Հալէպէն շուրջ կէս ժամ հեռաւորութեամբ Սարաքէպ շրջանին մէջ կանգնեցուած է դիմակաւոր զինեալներու կողմէ, որոնք հանրակառք ներխուժելով եւ յետ ստուգման, առանձնացուցած են հանրակառքի քրիստոնեայ ճամբորդները եւ ապա, կիներն ու երեխաները ազատ թողնելով, իրենց մօտ պահած են տղամարդիկը: 11 հոգի, որոնց 7-ը հայեր են, երկուքը՝ արաբ քրիստոնեայ եւ երկուքը՝ քիւրտեր։ Առեւանգեալները, փոքր փոխադրակառքով, տարուած են անորոշ ուղղութեամբ։
Աշխատանք կը տարուի առեւանգեալներու ինքնութիւնը իմանալու եւ անոնց ազատ արձակումը ապահովելու համար։