Լոս Անճելըսի մէջ տրուեցաւ այս տարուայ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնի  մեկնարկը՝ «Մեր Գիւղը» լոզունգը կրող խորհրդանիշի (logo-ի) բացումով:


Ամերիկայի մէջ Գոհաբանութեան օրուայ  տօնին առիթով, Նոյեմբեր 22ին, պիտի կայանայ հեռուստամարաթոնը՝  12 ժամ տեւողութեամբ: Մարաթոնը պիտի սփռուի հեռա-տեսիլի արբանեակային կայաններէն:
Խորհրդանիշի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հիմնադրամի գործադիր մարմնի ատենապետ Արա Վարդանեանը եւ Հիմնադրամի արեւմտեան շրջանի տեղական մարմնի ատենապետ Արա Ագիշեանը, ինչպէս եւ մարմնոյ այլ անդամներ եւ հիւրեր: