Հալէպի հայաշատ եւ քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռեյիսեանը, աւելցնելով, որ որոշ թաղամասերու մէջ կը շարունակուին բախումները:
Ռեյիսեան վստահեցուց թէ հանգիստ իրավիճակին զուգահեռ՝ մարդիկ ջանք կը տանին վերադառնալու բնականոն կեանքին:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպի մօտ առեւանգուած հայերուն, Ռեյիսեան ըսաւ, որ դեռ փոփոխութիւն կամ նորութիւն չկայ: Անոնց ազատ արձակման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները կը շարունակուին:
Զինեալ ապստամբները Հոկտեմբեր 29-ի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պէյրութէն Հալէպ ուղեւորուող «Զէյթունի Դուրզ» ընկերութեան պատկանող քաղաքացիական հանրակառքէն առեւանգած էին 11 ճամբորդներ, որոնցմէ եօթը՝ հայեր:
Բախումները կը շարունակուին սուրիական այլ քաղաքներու մէջ եւս: Մօտ 19 ամիսէ ի վեր շարունակուող բախումներու հետեւանքով զոհուած է 30 հազարէ աւելի մարդ. այդ թիւին մէջ գրեթէ չորս տասնեակ հայ կայ: