ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց ՌԱԿի Շրջանային Վարչութեան Պատուիրակութիւնը
 
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ի երեկոյեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը, որ ընդունուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ

դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի, Աւետիք Իզմիրլեանի, դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի, Մարտիկ Կապուտեանի եւ Պետիկ Գազանճեանի կողմէ:
ՌԱԿի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յակոբ Նազարեան, Գէորգ Գրիգորեան, Կարօ Գիւփելեան եւ Դաւիթ Սամուէլեան:
Շուրջ երկու ժամ տեւած խորհրդակցութիւններու առանցքը կազմեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ուղղութեամբ տարուող համագաղութային աշխատանքները, սուրիահայութեան օգնելու նպատակով կատարուող դրամահաւաքի նպաստամատոյց միջոցառումները, ինչպէս նաեւ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր:

Սկսաւ Քուբէլեանի գրաֆիկական վէպերու շրջիկ
շնորհանդէսը Վարդանանց պատմութեան մոթիվներով

ԱՄՆ-ի Շիքակօ քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 17-ին սկսաւ Ռոճէր Քուբէլեանի «Ռազմի աստուածներ» եւ «Բիւզանդիայից արեւելք» գրաֆիկական վէպերու շրջիկ շնորհանդէսը, Armenian Weekly-ին յղումով՝ կը յայտնէ tert.am-ը:
Շնորհանդէսները պիտի շարունակուին նաեւ Թորոնթոյի մէջ («Նուռ» կինոփառատօնի ծիրէն ներս), ապա Կլենտէյլի մէջ եւ Հոլիվուտի մէջ:
Քուբէլեան իր վէպերուն մէջ ի մի կը բերէ Սբ. Վարդան Մամիկոնեանի, Վարդանանց եւ անոր դուստրերու յաւերժական հերոսութեան ու ինքնազոհութեան պատմութիւնը, որը Աւարայրի ճակատամարտէն դէպի նոր կեանք ուղորդեց:
Քուբէլեանը գրող է, նկարիչ, յօրինող, թուային էֆեկտներու մասնագէտ,: Ծնած է Լիբանան, հասակ առած Ափրիկէի մէջ՝ Սիէրա Լէոնէ, իսկ այժմ կþաշխատի Հոլիվուտի մէջ: Իր գործերը ծանօթ են. ան աշխատած է «Մատանիներու տիրակալը», «Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ», «Քարիպեան ծովահէնները» եւ այլ նախագիծերու վրայ:
1994-ին ֆիլմ մը նկարահանեց նաեւ Արցախի մէջ՝ «Լեռներու մութին անտառը», որը մրցանակներու արժանացաւ: Նկարազարդած է ամերիկացի երաժիշտ Սերժ Թանքեանի բանաստեղծական երկը, նկարահանած է նաեւ  Թանքեանի եւ System of a Down-ի տեսահոլովակները:
Ի դէպ, «Ռազմի աստուածներու» առիթով Թանքեան ըսաւ, թէ «այդ  Ռոճէր Քուբէլեանի արուեստի եւ պատմութիւններ ներկայացնելու ունակութեան ապշեցուցիչ դրսեւորումն է:  Կարծես  հայոց գունեղ պատմութենէն  յառնած շարժապատկեր է»:
Հայկական նիւթով իր աշխատանքներուն համար ինքը՝ Քուբէլեանը, բնաբան ընտրած է հետեւալ խօսքը. «Կÿարժէ պայքարիլ այն բանի համար, ինչ որ մեզ կը ներկայացնէ»:

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ
շինարարական աշխատանքը կ՛ընթանայ արագ թափով

Ընթերցողն ու ակնդիրը վստահաբար գոհունակութեամբ պիտի կարդայ այս տողերն ու դիտէ այս նկարը։ Վերջինս աւելի խօսուն է, քան գիրը։
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքը սկսաւ Յունիսին, նախկին կառոյցին փլուզումով ու հիմերու տեղադրումով։ Այսօր, Հոկտեմբերի վերջերուն, եկեղեցին կանգնած է եւ, շնորհիւ ծխական եւ շինարարական յանձնախումբերու նախանձախնդիր աշխատանքին, արագ քայլերով կ՛ընթանայ դէպի ամբողջացում։
Եկեղեցին ու անոր կողքին կանգնող Հայ կեդրոնը շրջանի հայութեան, ինչո՞ւ չէ նաեւ Լաս Վեկաս այցելողներու համար պիտի ըլլան ազգօգուտ ժամադրավայր մը։
Այս իրագործումներուն մէջ իրենց անփոխարինելի դերը ունին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարին՝ Լերի Պարնզի, եւ UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած Dream Fund-ի իշխանական նուիրատուութիւնները։

Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ Եւրոպայի ձմեռնային
երիտասարդական ողիմպիական խաղերուն մէջ

Ռումանիոյ մէջ 2013-ի Փետրուարին կայանալիք Եւրոպայի ձմեռնային երիտասարդական 11-րդ Ողիմպիական խաղերուն պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀԱՕԿ մամուլի ծառայութիւնը:
Փառատօնը ամենախոշորը պիտի ըլլայ այդ երկրի մարզական պատմութեան մէջ: Պրաշով քաղաքին մէջ Փետրուար 16-20 կայանալիք մրցումներուն կը նախատեսուի հին աշխարհամասի 49 երկիրներու պատուիրակներու մասնակցութիւնը:
Երիտասարդ մարզիկները պիտի մրցին ութ մարզաձեւերու մէջ՝ լեռնադահուկ, դահուկավազք, դահուկացատկ, բիատլոն, գեղասահք, չմշկավազք, սնոուպորտ եւ հոքէյ:
Եւրոպայի ձմեռնային երիտասարդական ողիմպիական առաջին փառատօնը տեղի ունեցած է 1993-ին Իտալիոյ Աոսթա քաղաքին մէջ։