Հայաստանի Կառավարութիւնը «Մխիթար Գոշ»
Շքանշանով Պատուեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրամանագիրով Սեպտեմբեր 18-ին, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Սան Անտէրս համալսարանի Միջազգային յարաբերութեան դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան  արժանացաւ Հայաստանի կառավարութեան «Մխիթար Գոշ» շքանշանին:

Շքանշանը յանձնուած է անկախութեան 21-ամեակի ծիրին մէջ, եւ Հայաստան-սփիւռք փոխ յարաբերութիւններու հզօրացման եւ հայկական ինքնութեան ամրապնդման ի նպաստ անոր բացայայտ աշխատանքին առիթով:
Առաջին անգամ ըլլալով այս կարեւոր մեծարանքը կը յատկացուի Հարաւային Ամերիկայի ղեկավարի մը: Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի կողքին, նոյնպէս շքանշանը ստացաւ Ցեղասպանութեան հռչակաւոր մասնագէտ, Գերմանիա բնակող թրքահայ Միհրան Տապպաղ:

 

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը պարգեւատրեց Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա» թերթը

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան յայտարարութիւն մը կը տեղեկացնէ, թէ Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա» թերթը պարգեւատրուած է Նախարարութեան կողմէ, որպէս գրաւոր շաբաթաթերթ, հայկական ինքնութեան ի նպաստ իր ժրաջան աշխատանքին որպէս գնահատանք։ Մեծարանքի առաջին տեղը տրուած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի «Գանձասար» մեր պաշտօնակիցին։
Սոյն գնահատանքը կþաւելնայ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ «Արմենիա» թերթի խմբագրական կազմի անդամներ Կարապետ Հասասեանին եւ Գէորգ Գազանճեանին յանձնուած «Ուիլիըմ Սարոյան» շքանշաններուն։