ՓԱՐԻԶ.- «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի 13րդ համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին:

Եւրոպական տարբեր համայնքներու մէջ ձեռնարկուած հեռախօսային այս արշաւին ընթացքին հանագանակուած է աւելի քան 1 միլիոն 400 հազար եւրօ: Այս տարուան նուիրատուութիւնները 8 տոկոսով գերազանցած են 2011ի հանգանակային արշաւի արդիւնքները:
«Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Պետրոս Թէրզեանը իր գոհունակութիւնը յայտնած է այն կապակցութեամբ, որ «ո՛չ տնտեսական ճգնաժամը եւ ո՛չ ալ քաղաքական իրադրութեան հետ կապուած անորոշութիւնները չեն խափանած այն համերաշխութիւնը, որ կը դրսեւորուի Հայաստանի եւ Ղարաբաղի բնակչութիւններու, իսկ այս տարի նաեւ Սուրիոյ եղբայրներու եւ քոյրերու հանդէպ»։
Ինչպէս նախապէս յայտարարուած է, 2012 թուականի եւրոպական հեռախօսամարաթոնի արդիւնքի 10 տոկոսը պիտի յատկացուի սուրիահայերու օգնութեան։
Պետրոս Թէրզեանը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Մարսէյլի հայկական նորաբաց հիւպատոսարանի բարեկամներու միութեան, որ մասնակցեցաւ նուիրահաւաքին 100 հազար եւրոյի գումարով:
Աւելի մանրամասնելով նշենք, որ այս տարուայ հեռախօսամարաթոնի նուիրատուութիւնները պիտի տրամադրուին Արցախի գիւղերուն մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման, Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրներուն եւ սուրիահայութեան հրատապ խնդիրներու լուծման:
«Հայաստան» հիմնադրամի տարեկան հիմնական նախաձեռնութիւնը՝ հեռուստամարաթոնը Ամերիկայի եւ Հայաստանի մէջ, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան տօնի օրը՝ Նոյեմբերի 22ին, եւ պիտի կրէ «Մեր գիւղը» խորագիրը։