Մարդասիրական համաշխարհային «Save the children» (Փրկենք փոքրիկները) կազմակերպութիւնը նախազգուշացուցած է հանրային համայնքը, Սուրիոյ մէջ ձմրան խիստ պայմաններու հետեւանքով վտանգուած աւելի քան 200.000 գաղթական երեխաներու ապագայի գծով:
Ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ, հազարաւոր ընտանիքներ լքած են Սուրիոյ մէջ իրենց բնակարանները եւ ապաստան գտած են Թուրքիոյ, Յորդանանի, Լիբանանի մէջ, կայմ այլուր: Ներքին գաղթականութեան ալիքը գերազանցած է 2 միլիոնը, մինչ բախումները կը շարունակուին՝ փլատակ դարձած շատ մը շրջաններու մէջ: Մարդասիրական կազմակերպութիւնը դիտել կուտայ, թէ հազարաւոր երեխաներ կ'ապրին առժամեայ կացարաններու մէջ, առանց յարմար հագուստեղէն կամ սնունդ ունենալու, անձրեւոտ եւ ցուրտ ջերմաստիճաններու պայմաններու տակ:
ՄԱԿի գնահատումին համաձայն, մինչեւ 2012ի վերջաւորութիւնը, դրացի երկիրներու մէջ ապաստանած Սուրիոյ գաղթականներու թիւը հասած պիտի ըլլայ 700.000ի:
Գամիշլին Խաղաղ է եւ Կեանքը Սովորական
Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան կողմը գտնուող Գամիշլի քաղաքի մէջ (սահմանակից Թուրքիոյ) կեանքը կÿընթանայ բնական ձեւով,երեխաները նոյնիսկ դպրոց կը յաճախեն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն տեղական աղբիւրները։
Երեք օրուան անջատումէն ետք, վերականգնուած են նաեւ բջիջային հեռաձայններու կապերը։ Նշենք, որ մի քանի օր է լուրեր կը տարածուին՝ Թուրքիոյ կողմէ Գամիշլիի վրայ յարձակում մը գործելու հաւանականութեան մասին։ Այնուամենայնիւ տեղի բնակչութենէն զգալի թիւով հայեր հանգրուանած են Հայաստան, մեծ մասը արդէն Եւրոպա անցնելու համար, իսկ փոքր մասը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատելու համար։
Բերիոյ Հայոց Թեմը Կը Դատապարտէ
Նահատակաց Վկայարաններուն Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերումը
Բերիոյ Հայոց թեմը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Սուրիական օրհնեալ հողին վրայ ծաւալած զինեալ բախումներուն թիրախ կը հանդիսանան խաղաղ բնակչութեան, բնակավայրերու, հանրային ծառայութեան կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու կողքին աղօթավայրեր՝ մզկիթներ եւ եկեղեցիներ:
Համագոյակցութեան ու հանդուրժողութեան խորհըրդանիշ հանդիսացող պատմական եւ հայաբոյր Հալէպի մէջ, ռազմական գործողութիւններու համայնակուլ գլանին զոհ դարձան Օմայեան մեծ մզկիթը, Հայ Առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին, Աւետարանական Երիցական Արաբական եկեղեցին եւ այլ աղօթատեղիներ, մերթ քանդուելով ու մերթ հրոյ ճարակ դառնալով:
Արարիչին ու մարդուն դէմ կատարուած խստօրէն դատապարտելի նման յանցագործութիւններէն զերծ չմնացին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրական վկայարանները՝ Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրը, Մարկատէի Ս. Յարութիւն յուշարձան մատուռը, Ռաս Ուլ Այնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Նահատակաց վարժարանի տարածքները:
Սուրիական ասպնջական հողը, որ հարիւրամեակ մը առաջ գրկաբաց ընդունած էր ցեղասպանութենէն ճողոպրած բեկորները եւ իր օրհնեալ հողին շաղախած էր մեր նահատակաց աճիւնները, անմարդկային արարքներուն ի տես ահաբեկուած կը բողոքէ:
Յանուն սուրիահայութեան խստօրէն կը դատապարտենք ընդհանրապէս աղօթավայրերուն ու յատկապէս նահատակաց վկայարաններուն դէմ կատարուած տմարդի վերաբերմունքները: Համայն աշխարհին ու հայութեան կը յայտնենք, որ տէրն ենք մեր աղօթավայրերուն ու նահատակաց վկայարաններուն, զանոնք արժանավայել կերպով պահելու յանձնառութեամբ կը վստահեցնենք որ խաղաղութեան վերահաստատումին հետ վերականգնումի մեր հաւաքական երթին մէջ ունինք մեր հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնը, համայն հայութեան եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան զօրակցութիւնը:
Յարգանք սուրիական հայրենիքի բոլոր նահատակներուն:
Յարգանք Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Վերստին հանգիստ նուիրական աճիւններուն:
Խաղաղութիւն նահատակներու աճիւններով սրբագործուած սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին» կÿամբողջանայ յայտարարութիւնը: