Այս օրերուն, Պէյրութի գեղարուեստի հեղինակաւոր «Ալուան» ցուցասրահին մէջ իր ստեղծագործութիւններով հանդէս եկաւ լիբանանահայ գեղանկարչութեան երիտասարդ եւ տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն՝ Մարալ Տէր-Պօղոսեան։

Դուստրը հանրածանօթ քանդակագործուհի Կիւլէն եւ գեղանկարիչ Շահէ Տէր-Պօղոսեաններու։ Ան ծնած է 1976 թուականին՝ Փարիզի մէջ։ Այժմ կը դասախօսէ լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստի ինստիտուտի մէջ՝ 2007 թուականէն սկսեալ, որպէս mastersի պատուաւոր աստիճանի պատուաւոր վկայեալ։
2001  թուականին, յատուկ թոշակ ստացած է մշակոյթի զարգացման միջազգային հիմնադրամէն (IFPC), UNESCO Aschberg Fund-էն եւ Վիեննայի դաշնակցային վարչապետարանէն, որպէս Վիեննայի բնակչուհի-արուեստագիտուհի։
Առաջին անհատական ցուցահանդէսը տեղի կ’ունենայ Պէյրութի գերմանական «Կէօթէ» հաստատութեան մէջ՝ 2002 թուականին։ Յաջորդ տարուան վերջին, Մարալ Տէր Պօղոսեանի անհատական երկրորդ ցուցահանդէսը տեղի կ’ունենայ Անթիլիասի Կիլիկեան թանգարանին մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի հովանաւորութեամբ։
Երազային կապոյտ շղարշի տակ թաքնուած Պէյրութի երանգապնակի վարպետուհին, 2011 թուականին կը ներկայացնէ իր ստեղծագործութիւնները Թուզլայի մէջ՝ Պոսնիա-Հերձեկովինա, INTERBIFEP  XIV ցուցահանդէսի ընդմէջէն։ Նախապէս ալ իր պաստառները գեղարուեստասէր հանրութեան եւ արուեստի քննադատներուն կը “հրամցուին” 2006-2008 Սըրսոքներու թանգարանի աշնանային սենեկային ցուցահանդէսներուն։ Նաեւ՝ 2001-2005 թուականներուն երեք անգամ մասնակցած է Վիեննայի, ապա՝ Լիոնի ու Ժընեւի, Շարժայի (Տուպայ) գեղանկարչական աւանդական միջոցառումներուն, արժանանալով ականաւոր մասնագէտներու գնահատականին։  Մասնաւորապէս «Ինքնութիւններ» գեղանկարներու շարանին մէջ մասնագէտներ նկատած են, որ Մարալ քաղաքակրթութիւններու մշակոյթները կը հիւսէ՝ ինչպէս երկրաչափական արտայայտութիւններով գորգ մը…։
«Գեղարուեստի մօտեցումս կ’արտացոլէ բազմամշակութային խաւերը ինքնութեանս։ Բանաստեղծական մօտեցումով ստեղծագործութիւններս կ’արտայայտեմ մթնոլորտէ մը, ուր բազմաթիւ մշակոյթներ եւ աւանդոյթներ համատեղ կ’ապրին։ Երբեմն անոնք կը միաձուլուին, ուրիշ անգամներ ալ կը հակադրուին։ Երբեմն կ’ընդելուզուի կովկասեան եւ արեւելեան գորգերու մանրամասներով։ Անոնք կը ներկայացուին հայկական եւ պարսկական մանրանկարչութեան պատկերներով։ Մշակոյթները միահիւսուած են, ինչպէս որ գորգի մը գոյները իրարու…։ Գորգերու եւ մանրանկարչութեան պատկերներու ներկայացումը քաղաքի տեսարանին վրայ, իմ արուեստս է ինքնութիւն տալու այս բնակելի տարածքին, որ կորսնցնելու վրայ է իր ինքնութիւնը…”,- կը բացատրէ գեղանկարչուհին։
Յոյսով ենք, որ ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ արաբական աշխարհի ու միջազգային գեղարուեստի երկնակամարին վրայ, Մարալ Տէր Պօղոսեանի աստղը կը փայլի իր բոլոր երանգներով, ի փառս հայ գեղարուեստի դարաւոր աւանդոյթներուն։

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ