Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը 3 Օգոստոսին նամակ յղած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին:

Նամակին մէջ ան «ճակատագրական սխալ քայլ» նկատած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականի ընդունման վերաբերեալ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին որոշումը:

«Կարծեմ, երբ օդակայանին մէջ, կարեւոր չեն ներկաները, դուք պահանջեցիք Նորվան սրբազանէն վերահաստատել տէր Վաչէ կոչեցեալ քահանան իր պաշտօնին մէջ, երկիցս կրկնելով՝ «Եթէ մինչեւ Յուլիս 1 զինք պաշտօնի չկոչես, այլեւս Մայր աթոռի հետ գործ չունիս», արդէն ճակատագիրը որոշած էիք:

Պատրիարքը կը յայտնէ թէ լարուած վիճակ ստեղ-ծուած է հայ եկեղեցւոյ մէջ եւ իր նամակը եզրափակելով՝ կÿըսէ թէ պիտի չմասնակցի   Եպիսկոպոսական ժողովին: