Յայտնի ռոք երգիչ Սերժ Թանքեանը Hollywood Bowl-ին մէջ Յուլիս 29-ին հանդէս եկաւ համերգով, որը անցած է շատ յաջող:
Երգիչը համերգի ընթացքին կոչ ուղղեց հանդիսատեսներուն, ուր մասնաւորապէս ըսաւ. «Պատկերացուցէք, որ մարդիկ, որոնք կ'ուզեն դառնալ միջազգային հանրութեան մաս, կը լռէին Հոլոքոստի մասին: Այժմ նման բան մըն է որ տեղի կ'ունենայ: 1915-23 թուականներուն Օսմանեան կայսրութենէն ներս տեղի ունեցած ցեղասպանութեանց մասին դեռ կը լռեն:
Պատկերացուցէք, որ 1940-ականներուն, երբ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմն էր, Ամերիկան չմտնէր պատերազմի մէջ ու չկանգնէր Միացեալ թագաւորութեան կողքին: Պատկերացուցէք, որ Ամերիկան կանգնէր Գերմանիոյ կողքին ու ըսէր որ կը ժըխտէ Հոլոքոստը եւ երբեք այդ եզրը չ'օգտագործուէր քաղաքականութեան մէջ: Ճիշդ այս է, որ տեղի կ'ունենայ հիմա, այս կը զգան հայերը, յոյները, ասորիները, երբ մեր իշխանութիւնները չեն ըսեր «ցեղասպանութիւն» բառը»:
Սերժ Թանքեանը կոչ ուղղեց ԱՄՆ կառավարութեան արդար բանաձեւ ընդունիլ Հայոց եւ աշխարհի այլ ցեղասպանութեանց գծով: