«Մարզախաղը, որ ազգերը համախմբելու ձեւ մը պէտք է ըլլայ, կրնայ օգտագործուիլ երկրի մը իրականութիւնը թաքցնելու նպատակով»։ Այս խօսքերով սկիզբ կ’առնէ Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան հաղորդագրութիւնը, 2020 թուականի Ողիմպիական Խաղերուն նստավայրի ընտրութեան նախօրեակին։
Արժանթինի մեր պաշտօնակից «Արմենիա» թերթը կը հաղորդէ թէ այդ որոշումը պիտի որդեգրուի Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Հարկ է նշել թէ Պոլիսը այս ուղղութեամբ թեկնածուներէն մէկն է, հակառակ որ մինչեւ օրս Թուրքիան չէ ընդունած 1915/23 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրման ուղիով իր հեղինակութիւնը, ուր զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայեր։
Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան յայտարարութիւնը կը նշէ, թէ վարչապետ Ռէճէպ Թայիփ Էրտողանի կողքին, Պուէնոս Այրէս այցելող Թուրքիոյ պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաե՛ւ Տնտեսութեան Նախարար ու Արտաքին Գործոց նախկին Նախարար՝ Ալի Պապաճան, որ կը սպառնայ Հայաստան-Թուրքիա փոխ-յարաբերութիւնները չի վերականգնել եթէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ՝ Պարաք Օպամա «ցեղասպանութիւն» բառը արտայայտէ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Կուսակալ՝ Հիւսէյն Ավնի Մութլու, որ 2012 թուականին մասնակցած էր ծայրայեղ-ազգայնական ցոյցի մը, ուր հայատեաց լոզունգներ բացագանչուած էին եւ հայ ծագումով լրագրող Հրանդ Տինքի սպաննող Օկուն Սամասթի անունը մեծարուած էր։ «Կասկած չ’ունինք թէ այս բոլորը որեւէ մէկ ձեւով չի ցոլացներ Ողիմպիական Խաղերու մղիչ ուժը, որն է ազգերու միջեւ եղբայրութիւնը», կ’արտայայտէ Հ.Յ.Դ. Ա.Ե.Միութիւնը իր հաղորդագրութեան միջոցաւ, նոյն ժամանակ տեղեկացնելով թէ յառաջիկայ Շաբաթ օրը բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Էրտողանի այցելութեան առիթով։
Միւս կողմէն, համայնքը մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ տարածքին Մարդկային Իրաւանց բռնաբարումներուն նկատմամբ, նշելով Լրագրողներ Առանց Սահմանի միջազգային կազմակերպութեան տեղեկատուութիւնը, որ երկրին շնորհած է «լրագրողներու համար աշխարհի մեծագոյն արգելարանը» տիտղոսը: