ԼՈՆՏՈՆ
Մեծն Բրիտանիոյ աշխատաւորական երկու մեծագոյն սենտիքաները գործադուլներու շարք մը նախաձեռնած են Հոկտեմբերի մէջ, բողոքելով կառավարութեան նոր օրինագիծին դէմ, որ աշխատաւորներու ամսական վճարումները ուղղակիօրէն կ'առընչէ անոնց արտադրողական կարողութեան հետ:
Ուսուցիչներու սենտիքաները միացած են գործադուլին եւ յայտարարած են թէ պիտի չաշխատին՝ Լոնտոնի ամբողջ 4 շրջաններուն մէջ:
ԳԱՀԻՐԷ
Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Իպրահիմի ինքնաշարժը յարձակումի թիրախ դարձած է: Նախարարի թիկնապահները վիրաւորուած են, բայց ինքը ողջ-առողջ դուրս եկած է յարձակումէն: Ան նախազգուշութեան կոչ ուղղած է քաղաքացիներուն, յայտնելով թէ ահաբեկչական արարքները խստօրէն պիտի հետապնդուին եւ պիտի պատժուին: