«Սառը պատերազմի» մթնոլորտ՝ Փութինի եւ Օպամայի միջեւ Սուրիոյ հարցով

Սան Փեթերզպուրկի մէջ անվտանգութեան աննախընթաց խիստ միջոցներու տակ երէկ սկսաւ G-20ի գագաթնաժողովը, «սառը պատերազմի» օրեր յիշեցնող կլիմայի մէջ, Սուրիոյ հարցով՝ ԱՄՆի եւ Ռուսաստանի անհամաձայնութեան պայմաններու մէջ:

ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա արդէն երէկ ստացած էր Ծերակոյտի հաւանութիւնը, Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու դիմելու կապակցութեամբ, մինչ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին խստացուցած է իր դիրքորոշումը եւ հակադարձելու խիստ ազդարարութիւն յղած, բոլոր անոնց, որոնք «հարուած» մը կÿուզեն տեսնել, առանց ՄԱԿի հաւանութիւնը կամ քիմիական զէնքերու օգտագործման փաստերը տեսած ըլլալու:

Աշխարհի ամէնէն զարգացած եւ տնտեսապէս ուժեղ երկիրներու հաւաքը պայմանաւորուած է միջազգային տնտեսական տագնապի հարցերը քննելու առումով, այսուհանդերձ յայտնի է թէ Սուրիոյ մէջ ռազմական յարձակումի պարագան լուրջ քննարկումներու պիտի արժանանայ: Իրականութեան մէջ ԱՄՆի եւ Ռուսաստանի միջեւ մրցակցութեան առիթ մըն է, որ նոյն սեղանի շուրջ նստած քաղաքագէտներուն համար յայտնի պիտի դարձնէ նաեւ «դաշնակից» թէ «ընդդիմադիր» ուժերու համեմատութիւնները:

Բրիտանացիներու «ոչ»ը՝ նեղ կացութեան մատնած է Ուաշինկթընը, որ կ'ուզէ միջազգային աջակցութիւն ապահովել Սուրիոյ մէջ ռազմական միջամտութիւն կատարելէ առաջ: Հարց, որ դժուար պիտի իրագործուի, մանաւանդ երբ ԱՄՆի մէջ հանրային կարծիքը նոյնիսկ դէմ է նման գործողութեան:

Միջազգային մամուլը քննելով Օպամայի հնարաւորութիւնները այս հարցին մէջ, կը նշէ թէ Օպամայի հաւաստիութեան համար կարեւոր է Պաշար Ասատի վարչակարգին դէմ զօրաւոր հարուած հասցնող գործողութիւն մը:

Միւս կողմէ Ռուսաստանի դիրքորոշումը հզօրացած է Մեծն Բրիտանիոյ մերժումէն ետք: Ռուսաստան եւ Չինաստան ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդին մօտ վեթօ ներկայացուցած են՝ արգիլելով Սուրիոյ մէջ ռազմական գործութիւններու իրականացումը, իսկ վերջին երկու տարիներուն անոնք կանխած են ՄԱԿի բանաձեւերու վաւերացման որեւէ որոշում, որ Պաշար Ասատի վարչակարգին դէմ էր:

G-20ի մօտ Չինաստանի խմբակի ներկայացուցիչ Քին Կանկ յայտնեց, թէ քաղաքական լուծումի մը պէտք է անպայմանօրէն առաջնորդուիլ, աւելցնելով թէ «Չինաստան դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործող որեւէ ուժի»:

Յունական մամուլը կը նշէ, թէ ԱՄՆի եւ Ռուսաստանի առճակատումը տարածուած է Միջերկրականի մէջ, ուր մշտապէս կ'ամրապնդուին ռազմածովային ուժերը «պայքարի» դիրքեր որդեգրած ըլլալով: